Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հարաւային Սուտանի Ղեկավարներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Հարաւային Սուտանի Ղեկավարներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ճասթին Վելպիի, հարաւային Սուտանի քաղաքական իշխանութիւններուն ուղղած միացեալ պատգամը:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Հարաւային Սուտանի մէջ խաղաղութեան համաձայնագիրի իրականացման համար ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերին, Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապն ու Անկլիքաններու եկեղեցապետը, Ճասթին Վելպի,  միացեալ պատգամով իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցած են Հարաւային Սուտանի քաղաքական իշխանութիւններուն, մաղթելով անոնց ու հարաւային Սուտանի բնակչութեան խաղաղ եւ բեղուն տարի մը:    

Ունկնդրէ լուրը

Միացեալ պատգամին մէջ նշուած է.

Սուրբ Ծննդեան եւ ամանորի տօնի առիթով,  ձեր եւ Հարաւային Սուտանի Ժողովուրդին  համար կը փափաքինք մեր խաղութեան եւ բարգաւաճումի լաւագոյն մաղթանքները յայտնել  ապահովուելով մեր մօտիկութիւնը խաղաղութեան համաձայնագիրի իրականացման համար ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն:

Մեր աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, եղբայրական եւ համերաշխութեան ուղեւորութեան մէջ վերանորոգուած յանձնառութեան մը համար ,  հայցելով առատաձեռն օրհնութիւնները իւրաքանչիւրիդ եւ համայն ազգին վրայ:

Տէր Յիսուսը, խաղաղութեան իշխանը թող լուսաւորէ եւ առաջնորդէ ձեր քայլերը ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ, որպէսզի կարելի դարձնէ մեր շատ մաղթած այս սիրելի երկրի այցելութիւնը:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/12/2019, 10:13