Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիկսոս Պապին պատարագը նուիրուած Քոնկոլացի հասարակութեան

Եթէ մեքն մեր սիրտը բանանք Տիրոջ եւ մեր եղբայրներուն, այն ժամանակ է որ կ՛ընդունինք ամենէ թանկարժէք բարիքը՝ խաղաղութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի մէկ դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ պատարագ մատոյց Հռոմի եւ Իտալիոյ մէջ ապրող Քոնկոլացի Կաթողիկէ հասարակութեան համար Հռոմի Քոնկոլական Կաթողիկէ մատրանապետութեան ստեղծումին 25 ամեակին առթիւ։

Սուրբ զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով աւետարանական ընթերցումը, քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն, շեշտը դրաւ Աւետարանի սոյն խօսքին վրայ «քանզի Որդին մարդոյ պիտի գայ այնպիսի ժամու մը որ դուք չէք կարծեր»։

«Յիսուս կու գայ եւ յիսնակացը մեզի կը յիշեցնէ այդ ստոյգ իրողութիւնը որ մեր յոյսին արմատն է՝ վստահութիւնը որ աշխարհի հարցերուն ընդմէջէն մեզի կը հասնի Աստուծոյ մխիթարութիւնը, որ խօսքերէ կազմուած չէ այլ ներկայութեամբ՝Տիրոջ ներկայութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը։ Տէրը արդարեւ մեզ միայնակ պիտի չի թողուր։ Ան երկու հազար տարիներ առաջ եկաւ ու դարձեալ պիտի գայ ժամանակներու աւարտին, սակայն ան կու գայ նաեւ մեր բոլորի կեանքին մէջ, այսօր եւս։ Այո Տէրը այցելութիւն  կու տայ մեր այս կեանքին որ ունի բազմաթիւ հարցեր, անձկութիւններ ու տարակոյսներ։ Եւ մեր ուրախութեան աղբիւրը այն հաւաստիութիւնն է որ Տէրը չի յոգնիր ու երբեք ու պիտի չի յոգնի մեզմէ։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, դուք եկած էք հեռուէն։ Թողուցիք տուն, սիրելիներ ու այստեղ ժամանելով գտաք հիւրընկալութիւն բազմաթիւ անակնկալ հարցերու հետ միասին։ Սակայն Աստուծոյ համար դուք օտարական չէք այլ զաւակներ ու Եկեղեցին Աստուծոյ տունն է։ Այստեղ եկած ենք միասին քալելու համար դէպի Տէրը ու իրականացնելու Եսայի մարգարէին խօսքերը «Եկէք միասին քալենք Տիրոջ լոյսին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով որ յաճախ Տիրոջ լոյսին կարելի է նախընտրել աշխարհին խաւարը ու կարելի է նաեւ  ոչ ըսել Տիրոջ։ Ոչ մը նման անոնց որոնք Նոյի ժամանակներուն անհոգ կերպով կը շարունակէին իրենց կեանքը, հակառակ որ մօտալուտ էր անսպասելի իրողութիւն մը։ Անոնք կը շարունակէին ուտել եւ խմել ու հոգ տանիլ իրենց կարիքներուն, գոհանալով առանց սլացքի կեանքով մը։ Անոնք կ՛ապրէին սպառողականութեամբ որ կը սպառնայ հաւատքի արմատին, որովհետեւ քեզի մտածել կու տայ թէ ամէն ինչ կախեալ է քու ունեցած սեփականութիւններէդ, ու քեզ մոռցնել կու տայ Աստուած։

Տէրը երբ կը խօսի հաւատքի վտանգներու մասին կը հաստատէ թէ ամենամեծ վտանգը այն է որ մեր սիրտը թմրի, կարծրանայ ու հրապուրուի միայն կարիքներով։ Ու երբ ապրինք սեփականութիւններու համար անոնք երբեք բաւարար չենք նկատեր, բազմաթիւ բարիքներ կը դիզենք սակայն բարիք չենք կատարեր, մեր ժամանակը կը սպառենք ժամանցներով։ Սպառողականութիւնը կը տանի բռնութեան, ատելութեան ու բարկութեան։

Այս բոլորին համար Յիսուս մեզի կ՛ըսէ հսկեցէք։ Հսկելու համար սակայն պէտք է ունենալ վստահելի յոյս մը, որ է ըսել թէ խաւարը պիտի չի տեւէ յաւիտեան ու թէ շուտով պիտի հասնի արշալոյսը։ Աստուած կու գայ ու խաւարը կը փարատի։

Եթէ մեքն մեր սիրտը բանանք Տիրոջ եւ մեր եղբայրներուն, այն ժամանակ է որ կ՛ընդունինք ամենէ թանկարժէք բարիքը՝ խաղաղութիւնը։  «Անիկա հեթանոսներուն մէջ դատաստան պիտի տեսնէ եւ շատ ժողովուրդներ պիտի յանդիմանէ։Անոնք իրենց սուրերէն խոփեր Եւ իրենց նիզակներէն յօտոցներ պիտի շինեն։ Ազգ ազգի վրայ սուր պիտի չվերցնէ եւ ա՛լ պատերազմ պիտի չսորվին» կը գրէ Եսայի մարգարէն։  «Խօսքեր որոնք մեզի մտածել կու տան ձեր երկիրը. որուն արեւելքը ծանրապէս վտանգուած է եւ ուր կը շարունակուին հակամարտութիւնները, բոլորին մեղսակից լռութեան մէջ» յարեց Քահանայապետը յիշելով Երանուհի Մարի Քլեմենթին Անուարիթ Նենկափեթան որ  վայրագ օրէն սպաննեցուեցաւ սակայն իր մահկանացուն չի կնքած իր դահիճին ըսաւ. Կը ներեմ քեզի։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հայցել երանուհիին բարեխօսութիւնը որպէսզի Սէր Աստուծոյ անունով եւ հարեւան ժողովրդուելու օգնութեամբ, հրաժարին զէնքերէն. Ի նպաստ ապագայի մը որ ձգտի ոչ թէ մէկը միւսին դէմ ապրելու համար, այլ մէկը միւսին հետ, ու դարձի գալով պատերազմը օգտագործող տնտեսութիւնը վերածուի խաղաղութիւնը օգտագործող տնտեսութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2019, 10:28