Որոնել

«Թող երբեք չի պակսի մսուրի գեղեցիկ աւանդութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետը Կրէչչօ կատարած այցելութեան զուգահեռ հրապարակեց «Հրաշալի նշան» բնաբանով նամակը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մսուրին հրաշալի նշանը, որ այնքան սիրելի է քրիստոնեայ ժողովուրդին, միշտ ալ զարմանք եւ հիացում կը յառաջացնէ» այս տողերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը սկսի «Հրաշալի նշան» բնաբանով առաքելական նամակը որ նուիրուած է մսուրի իմաստին ու անոր արժէքին եւ զոր Քահանայապետը ստորագրեց կիրակի մէկ դեկտեմբերին Ֆրանչիսկեաններու Կրէչչօ վանքին տուած այցելութեան ընթացքին, վայրը ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին կառուցեց պատմութեան առաջին մսուրը։

Ունկնդրէ լուրը

Մսուրը աւետարանութեան արարք զոր պէտք է վերակենդանացնել։

«Յիսուսին ծնունդին դէպքը  ներկայացնել կը նշանակէ ուրախութեամբ եւ պարզութեամբ հռչակել Աստուծոյ Որդոյն մարդեղութեան խորհուրդը» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով որ «մինչ կը դիտենք Սուրբ Ծննդեան տեսարանը, կանչուած ենք հոգեպէս մենք մեզ դնելու ուղեւորութեան մէջ, հրապուրուած հեզութեամբն Անոր որ մարդեղացաւ իւրաքանչիւր մարդու հանդիպելու համար եւ ուր կը բացայայտուի թէ Ինք մեզ կը սիրէ »։

Այս նամակով կ՛ուզեմ աջակցիլ ձեր ընտանիքներուն գեղեցիկ աւանդութեան որոնք Ծնունդը կանխող օրերուն կը պատրաստեն մսուրը։ Այնպէս ինչպէս նաեւ զայն կը զետեղեն աշխատանքի, դպրոցներու, հիւանդանոցներուն, բանտերու ու հրապարակներու վրայ….«այդ  ստեղծագործ երեւակայութեան աշխատանքին մօտեցումը կը սկսի մանուկ հասակէն երբ ծնողաց կամ պապիկ մամիկներու հետ միասին, պատանիները կը կառուցեն մսուրը»  դիտել տուաւ Քահանայապետը մաղթելով որ այս աւանդութիւնը երբեք չի պակասի ու յոյս յայտնելով որ այնտեղ ուր ան մոռացումի մատնուած է՝ կարողանայ դարձեալ վերակենդանանալ։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսը եւ Կրէչչոյի կենդանի մսուրը։

Քահանայապետը նամակին մէջ կ՛ակնարկէ  1223-ին Սուրբ Ֆրանչիսկոսի կամքով ձեռնարկուած կենդանի մսուրին, նշելով որ այդ պարզ արարքով Սուրբ Ֆրանչիսկոսը իրագործեց աւետարանումի մեծ աշխատանք։  Այդ ուսուցումը մուտք գործեց քրիստոնեաներու սրտին մէջ ու տակաւին կը գոյատեւէ,  որպէս մեր հաւատքը պարզութեամբ ներկայացնելու հարազատ ձեւ։

Մսուրը, կը գրէ Քահանայապետը, զարմանք կը հրահրէ ու մեզ կը յուզէ որովհետեւ կը յայտնէ  Աստուծոյ քնքշութիւնը, կը յայտնէ որ Ան աղքատ կը դառնայ մեզ հրաւիրելով իրեն հետեւիլ հեզութեան ճանապարհին վրայ, որպէսզի իրեն հանդիպինք ու իրեն ծառայենք ողորմութեամբ՝ մեր կարիքաւոր եղբայրներու եւ քոյրերու մէջ։

Մսուրին նշանները Աստեղափայլ երկինքը գիշերուան լռութեան մէջ։

Նամակին մէջ Քահանայապետը կը մատնանշէ մսուրին տարբեր մասերուն, սկսեալ աստղափայլ երկինքէն՝ գիշերուան լռութեան ու մթութեան մէջ։ Այդ նման է մեր կեանքի ընթացքին յայտնուած գիշերներուն, ուր սակայն Աստուած մեզ առանձին չի թողուր եւ լոյս կը սփռէ այնտեղ ուր խաւար կայ, լուսաւորելով բոլոր անոնք որոնք կ՛անցնին տառապանքի խաւարի ընդմէջէն։

Քահանայապետը կ՛ակնարկէ ապա  մսուրի տեսարաններուն, հրեշտակներուն, փայլող աստղին եւ աղքատներուն ,որոնք կը զարդարեն ու մաս կը կազմեն մսուրին, դիտել տալով որ «աղքատները առանձնաշնորհեալ անձերն են, որոնք գիտեն հիւրընկալել մարդեղութեան խորհուրդը ու գիտեն ճանչնալ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ, մինչ Հերովդէսի պալատը փակ եւ խուլ է ուրախութեան պատգամին դիմաց։

Մսուրին դերակատարները

«Յիսուս քարայրին մէջ ծնելով սկիզբ կու տայ սիրոյ յեղափոխութեան, քնքշութեան յեղափոխութեան, յոյս եւ արժանապատուութիւն պարգեւելով երկիրն բեռնաւորուածներուն ու բացառուածներուն»  կը գրէ Նորին Սրբութիւն ու ակնարկելով նաեւ շատ անգամ պատկերացուած հացագործին, երկաթագործին, երաժիշտներուն, կամ ջուր կրող կիներուն, «որոնք,  կը գրէ Ան, կը ներկայացնեն առօրեայի սրբութիւնն ու ուրախութիւնը, արտակարգ կերպով կատարելու ամէնօրեայ պարտականութիւնը՝ երբ Յիսուս մեր հետ կը կիսէ իր աստուածային կեանքը։

«Մսուրին մէջ չեն կրնար պակսիլ Մարիամն ու Յովսէփը, որոնք վկայութիւնն են՝ թէ ինչպէս հաւատքի մէջ ամբողջութեամբ վստահիլ Աստուծոյ կամքին» կը հաստատէ Սրբազան Քահանայապետը   հուսկ Յիսուս Մանուկին անդրադառնալով  կը նշէ թէ Ան իր տկարութեան եւ դիւրաբեկութեան մէջ կը պահպանէ այն զօրութիւնը՝ որ սիրով կը ստեղծէ ու կը կերպարանափոխէ ամէն բան։

“«Մսուրը մեզի ցոյց կու տայ արտակարգ ու եզակի իրադարձութիւնը որ փոխեց մեր պատմութեան ընթացքը» կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով ապա վերջին նշանին՝ մոգերը որոնք մեզի կը սորվեցնեն թէ կարելի է մեկնիլ հեռուէն՝ հասնելու համար Քրիստոսին։”

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը կ՛եզրափակէ դիտել տալով որ մսուրը մաս կը կազմէ հաւատքի անուշ ու պահանջատէր գործընթացին, «կարեւոր չէ թէ ինչպէս կը կառուցենք զայն, կարեւորը այն է թէ ան խօսի մեր կեանքին. Մեզի պատմելով Աստուծոյ մեզի վերապահած սէրը, Աստուած որ մանուկ դարձաւ մեզի յայտնելու համար թէ որքան մօտիկ է իւրաքանչիւր մարդ արարածի, որեւէ իրավիճակի մէջ որ գտնուի ան, ապա  մեզի ըսելու նաեւ թէ անոր մէջ կը կայանայ մեր երջանկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2019, 16:25