Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Հռչակել Աստուծոյ ողորմութեան աւետիսը. Ֆրանչիսկոս Պապին 2019 տարին։

Իսկական դարձը մենք մեզ մէկդի դնելն է ու Քրիստոսը որպէս կեդրոն ընտրելն է թոյլ տալով որ Սուրբ Հոգին դառնայ մեր կեանքին դերակատարը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան վեցերորդ տարին յատկանշուեցաւ բազմաթիւ ճամբորդութիւններով, չարաշահումներու դէմ պայքարով ու Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսով, ինչպէս նեաւ Քահանայապետին Քահանայական ձեռնադրութեան 50 ամեակով։

Ունկնդրէ լուրը

«Եկեղեցւոյ ամենակարեւոր պարտականութիւնը Աւետարանի հռչակումն է» այս է Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամն ու ուսուցումը որ առանցքը կազմեց անոր 41 հրապարակային ունկնդրութիւններուն, որոնց ընթացքին մեկնաբանեց «Հայր Մեր» աղօթքը ու «Գործք առաքելոցի» գիրքը, ապա 56 Մարեմեան աղօթքներուն եւ 60է աւելի պաշտօնական արարողութիւններուն ընթացքին արտասանած քարոզներուն որոնց պէտք է աւելցնել նաեւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ արտասանած 44 քարոզները ու 260է աւելի հրապարակային ճառեր, նամակներ, հարցազրոյցներ…։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հրաւիրէ պաշտել միակ Աստուածը ու հեռու մնալ կռապաշտութիւնէն։ Ան կը հաստատէ թէ մեր հաւատքը հիմնուած է վստահելի իրականութեան մը վրայ. «Աստուած մեզ կը սիրէ եւ Յիսուսի միջոցաւ իր կեանքը տուաւ մեզի ու մեր փրկութեան համար»։ Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատքը հիմնել Աւետարանի էութեան վրայ։  Կուռքերը կեանք կը պահանջեն, մինչ Աստուած կեանքը կը նուիրէ։

Նորին Սրբութիւնը կը զգուշացնէ նաեւ «Ես»-ի կրօնէն, Փարիսեցիի կեցուածքէն, որ ինքզինք ուրիշներէն աւելի արդար կը նկատէ, ապա կը յիշեցնէ որ Աստուածպաշտութիւնը կ՛անցնի մերձաւորին նկատմամբ սիրոյ ճանապարհէն, խոնարհութեան ու հեզութեան ճանապարհէն, ընդունելով մեր տկարութիւններն ու դիւրաբեկութիւններ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ հրաւէր կ՛ուղղէ չարին համապատասխանելու բարիով, ու նոյնիսկ մեզ հալածողներուն ու մեր դէմ յարձակողներուն հետ վերաբերուելու ողորմութեամբ։

Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած սիւնհոդոսը։

2019-ի հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ կայացաւ Համա Ամազոնեան տարածաշրջանին նուիրուած եպիսկոպոսական յատուկ սիւնհոդոս մը, որ ընդգրկեց նաեւ բնապահպանական հարցեր ու հասաւ այն եզրակացութեան թէ այսօր աւելի քան երբեք կարիքը կայ «դարձի»։ Սիւնհոդոսական դարձ՝ որովհետեւ Եկեղեցին պէտք է միշտ քալէ միասնաբար, սիւնհոդոսական կերպով։ Մշակութային դարձ՝ որովհետեւ անհրաժեշտ է գիտնալ խօսիլ տարբեր մշակոյթներուն հետ, ապա բնապահպանական դարձ՝ որովհետեւ բնութեան եսասէր չարաշահումը կը մղէ ժողովուրդներու կործանումին, եւ ի վերջոյ  հովուական դարձ՝ որովհետեւ աւելի քան երբեք հրատապ դարձած է Աւետարանին հռչակումը։

Իսկական դարձը մենք մեզ մէկդի դնելն է ու Քրիստոսը  որպէս կեդրոն ընտրելն է, թոյլ տալով որ Սուրբ Հոգին դառնայ մեր կեանքին դերակատարը։

Չարաշահումներու դէմ պայքարը։

Կարելի է պատմական նկատել Վատիկանի մէջ 2019-ի փետրուարին կայացած հանդիպումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր ցամաքամասերու եկեղեցական պատասխանատուները, միասնաբար դիմագրաւելու համար եկեղեցականներու կողմէ գործադրուած անչափահասներու դէմ չարաշահումներուն հարցը։ Ժողովին որպէս արդիւնք Քահանայապետը հրապարակեց ինքնագիր նամակ մը «Vos estis lux mundi – Դուք աշխարհին լոյսն էք», որով նոր ընթացակարգեր սահմանեց բռնութիւնները, ոտնձգութիւններն ու չարաշահումները ի յայտ դնելու համար ու դատելու զանոնք գործադրողները։

Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումներ։

Մինչ կը շարունակուին Կարդինալներու Խորհուրդին խորհրդական ժողովները վերակազմակերպելու ու վերասերտելու  առաքելական սահմանադրութիւնը, միշտ աւելիով կը շեշտուի Եկեղեցւոյ ու անոր կառոյցներուն միսիոներական ըլլալու անհրաժեշտութիւնը։ Արդարեւ Սուրբ Աթոռին առաջնահերթ ծառայութիւնը ըլլալու է Աւետարանի Հռչակումը եւ նոր սահմանադրութեան առժամեայ վերնագիրն է « Praedicate evangelium – Քարոզել Աւետարանը”։

Սահմանադրական բարեփոխումներէն անդին յառաջ կ՛ընթանան նաեւ տնտեսական ու ֆինանսական բարեկարգումները, թափանցիկութեամբ ու ծախսերու սահմանումի ուղիով։ Այս ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապը նորոգեց ԵՕՐ-ի Վատիկանեան դրամատան սահմանադրութիւնը, որպէսզի ան  իր սկզբնական առաքելութեան հիմամբ հաւատարմութեամբ կատարէ իր ծառայութիւնը, որովհետեւ դրամը պէտքէ է ըլլայ ի սպաս Աւետարանութեան ու աղքատներու ծառայութեան։

Սուրբ Մսուրի աւանդութիւնը վառ պահել։

«Հրաշալի նշան» առաքելական նամակով,  Քահանայապետը ուզեց յատուկ կարեւորութեամբ շեշտել Սուրբ Մսուրին աւանդութեան կարեւորութիւնը ու զայն վերագտնել ու վերակենդանացնել, որովհետեւ այդ ալ Աւետարանութեան արարք մըն է որ կը յատկանշէ Յիսուսին՝ Աստուծոյ Որդիին մարդեղութեան խորհուրդը։

Քրիստոնեաներուն դէմ հալածանքները։

Նորին Սրբութիւնը երբեք չի յոգնիր դատապարտելէ՝ կրօններու դէմ հալածանքները ու յատկապէս  հակա քրիստոնէական հալածանքները կրկնելով թէ այսօր շատ աւելի հալածուած Քրիստոնեաներ կան քան անցեալին։

Կեանքի եւ ընտանիքի պաշտպանութիւնը։

«Մարդու եւ կնոջ միջեւ ամուսնութեան վրայ հիմնուած ընտանիքը  ունի յատուկ կարեւորութիւն եւ հիմնական առաքելութիւն» հաստատած է Ֆրանչիսկոս Պապը 25 մարտին, Լորէթոյի սրբավայրին մէջ, ու ասոր հիման վրայ է որ ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ  Աուզա նշեց որ «ճենտեր» ի գաղափարախօսութիւնը մարդկութեան համար ետքայլ մըն է։

Ֆրանչիսկոսի համար կեանքը պէտք է պաշտպանուի միշտ՝  սաղմէն մինչեւ մահ առանց բացառութեան։ Որովհետեւ կեանքը Աստուծոյ պարգեւն է, սուրբ է։ Քահանայապետը ապա յատուկ տեղ կը յատկացնէ երիտասարդներուն ու զանոնք կը խրախուսէ յառաջ ընթանալու հակահոսանք, վերագտնելու Աստուծոյ սէրը, եւ ճիշդ այդ ուղիով է որ Ան հրապարակեց  «Քրիստոս կ՛ապրի» երիտասարդներուն նուիրուած  եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսէն բխած յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը։

Առաքելական ճամբորդութիւններ

2019-ին Նորին Սրբութիւնը կատարեց եօթը միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններ որոնք ընգրկեցին 4 ցամաքամասեր եւ 11 երկիրներ։ Փանամայի մէջ Ան գլխաւորեց Երիտասարդութեան Համաշխարհային հաւաքը. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ Ալ Ազհարի Իմամին հետ միասին ստորագրեց մարդկային եղբայրութեան պատմական փաստաթուղթը։ Մարոքի մէջ վերահաստատեց միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։ Պուլկարիայի, Հիւսիսային Մակեդոնիայի եւ Ռումանիայի մէջ խօսեցաւ Քրիստոնեաներու միութեան մասին, ապա Մոզամբիկի. Մատակասկարի եւ Մաուրիցիուսի մէջ վճռակամութեամբ պաշտպանեց աղքատներն ու Արարչութիւնը եւ Թայլընտի մէջ ընդգծեց կիներու ու մանուկներու իրաւունքներու խթանումին կարեւորութիւնը, հուսկ Ճափոնի մէջ անբարոյ նկատեց հիւլէական զէնքերու սեփականութիւնը ու անոնց գործածութիւնը շեշտը դնելով խաղաղութեան ձգտելու ու խաղաղութեամբ ապրելու երազը իրականութիւն դարձնելու հարկաւորութեան վրայ։

2019 տարին յատկանշուեցաւ նաեւ Քահանայապետի Քահանայութեան 50-րդ տարեդարձով։ «Քահանան կ՛ապրի մարդոց մէջ Յիսուսի ողորմած սրտով» կը կրկնէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապը եւ ողորմութիւնը առանցքն է Անոր Քահանայական ուղեւորութեան, որուն համար ան կը շարունակէ գործել հռչակելով Աստուծոյ ողորմութեան աւետիսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2019, 12:00