2018-12-21-auguri-dipendenti-santa-sede-1545391452310.JPG

«Տարին աւարտենք խաղաղութեամբ, սրտի խաղաղութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապ

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, յերկիր խաղաղութիւն ու մարդոց հաճութիւն»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Տարին աւարտենք խաղաղութեամբ, սրտի խաղաղութեամբ։ Այս է իմ մաղթանքս։ Զայն աւարտենք ընտանիքին մէջ հաղորդակցելով մէկը միւսին հետ։ Անգամ մը եւս շնորհակալ եմ ձեր բարեմաղթանքներուն եւ աղօթքներուն համար։ Եւ բարեհաճեցէք շարունակեցէք աղօթել ինծի համար»։  Այս խօսքերով է որ անցեալ կիրակի՝ 29 դեկտեմբերին, 2019 տարուայ վերջին Մարեմեան Աղօթքին առթիւ , Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուզեց իր ամավերջի մաղթանքները ուղղել բոլոր հաւատացեալներուն, մաղթելով որ տարին աւարտի խաղաղութեամբ ու մասնաւորապէս ներքին՝ սրտի խաղաղութեամբ։

Նոյն մաղթանքն է որ կ՛ուզենք ուղղել նաեւ մենք մեր բոլոր ունկնդիրներուն, այն յոյսով որ եկող տարին պարզապէս աւելի լաւ ըլլայ անցնող տարիէն, ու սրտի խաղաղութենէն մեկնելով համայն աշխարհին մէջ հաստատուի խաղաղութիւնը,  ու անոր իրականացումը տեսնեն յատկապէս մեր բոլոր հայրենակիցները, ուր ալ որ կ՛ապրին անոնք, Հայաստանի, Արցախի կամ սփիւռքի հերաւոր երկիրներուն մէջ։

 «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, յերկիր խաղաղութիւն ու մարդոց հաճութիւն»։

Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները բոլորին։

Բարի, երջանիկ եւ Սուրբ նոր Տարի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/12/2020, 07:06