Որոնել

Կաթողիկէ ներշնչումով հասարակական կազմակերպութիւններու համաշխարհային ֆորումի անդամները Վատիկանի մէջ Կաթողիկէ ներշնչումով հասարակական կազմակերպութիւններու համաշխարհային ֆորումի անդամները Վատիկանի մէջ 

«Եկեղեցին կը գտնուի աշխարհի մէջ ու անոր հետ միասին կ՛ապրի եւ կը գործէ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Կաթողիկէ ներշնչումով հասարակական կազմակերպութիւններու համաշխարհային ֆորումի անդամները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 7 դեկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Կաթողիկէ ներշնչումով հասարակական կազմակերպութիւններու համաշխարհային ֆորումի անդամները որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին «ներառումի» նիւթին մասին հաւաքի մը։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը խօսքը ուղղելով ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ջանքերուն համար, «որոնք կը ձգտին քաջալերել ընկալութիւնն ու ներառումը՝ որպէսզի աշխարհը դառնայ հասարակաց տուն մը» ըսաւ Ան, ակնարկելով Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի խօսքերուն, ուր կը հաստատուի թէ «Եկեղեցին կը գտնուի աշխարհի մէջ ու անոր հետ միասին կ՛ապրի եւ կը գործէ», ու ասկէ մեկնելով ներկաներուն գործունէութիւնն ու ծառայութիւնները նկատեց այդ խօսքին իրականացումը, դիտել տալով որ հարկաւոր է աւելիով ամրապնդել  Կաթողիկէ ներշնչումով հասարակական կազմակերպութիւնները, աւելացնելով լաւ կազմաւորուած համագործակիցներուն թիւը, պատշաճ երաշխաւորումով եւ ուժերու նպաստաւոր համադրութեամբ։

Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց ապա երեք երեւոյթներու վրայ. Կազմաւորում, անհրաժեշտ միջոցներ ու փորձառութիւններու բաժնեկցութիւն ի նպաստ խմբային աշխատանքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ այսօրուայ բարդ աշխարհին մէջ կարիքը կայ կեանքի հետեւողական վկայութեան որ կարող ըլլայ հրահրել երկխօսութիւն ու մարդկային կեանքի նկատմամբ դրական մտաբերում։ Այս վկայութիւնը, ըսաւ Ան, կը պահանջէ երկու բան. առաջին մեծ հաւատք ու վստահութիւն, մենք մեզ ճանչնալով որպէս Աստուծոյ ծրագրի գործիքներ ու երկրորդ համարժէք գիտական ու մարդկայնական գիտելիքներու մասնագիտական կազմաւորում, որպէսզի զանոնք ներկայացնենք քրիստոնէական հեռանկարով, որպէսզի աւելի լաւ կերպով ծառայենք մարդկութեան։

«Այս ուղղութեամբ է որ ուզեցի միջազգային կոչ մը ուղղել վերահաստատելոււ համար «դաստիարակութեան համընդհանուր պայմանագիր մը», որ կազմաւորում երաշխաւորէ՝ ի նպաստ խաղաղութեան, արդարութեան, ժողովուրդներու միջեւ հիւրընկալութեան ու տիեզերական զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ հասարակաց տան խնամքին» յարեց Սրբազան Պապը քաջալերելով ներկաները աւելիով զարգացնելու իրենց հմտութիւնները, մասնագիտութիւնն ու եկեղեցական ինքնութիւնը։

Խօսելով ապա անհրաժեշտ կենսամիջոցներու մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց «քանքարներու առակին» ու նշեց թէ պէտք է միշտ յիշել որ «եկեղեցին մեծ ծրագիրներ իրականացուց աղքատ միջոցներով» եւ խրախուսեց լաւապէս օգտագործելու քանքարները ու գիտակից ըլլալու որ ամէն մէկ կարողութիւն մեզի տրուած է  Աստուծմէ, ու այս մէկն է որ մեր հարստութիւնը կը կազմէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա ակնարկեց երրորդ կէտին՝ բաժնեկցիլ ձեռնարկներ ի նպաստ խմբային աշխատանքին։

«Միասնական ծրագիրներու մէջ համագործակցիլը կը ցոլցլացնէ գործերու արժէքը, որովհետեւ ի յայտ կը դնէ Եկեղեցւոյ բնական մէկ իրողութիւնը՝ հաղորդութիւնը, ու առաքելութեան  մէջ միասին քալելը ի նպաստ հասարակաց բարիքին, իւրաքանչիւրի համապատասխանատուութեան ու սատարի միջոցաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով որ «Ֆորումը կ՛ուզէ այս մէկին տիպարը հանդիսանալ»,  ու ճառին աւարտին նշեց որ այսօրուայ աշխարհը կը պահանջէ արիութիւն եւ վերանորոգ երեւակայութիւն, երկխօսութեան եւ համագործակցութեան նոր ճանապարհներ հարթելու համար ու խթանելու համար հանդիպումի մշակոյթը, ուր մարդկային արժանապատուութիւնը, Արարիչ Աստուծոյ ծրագրի համաձայն, ըլլայ կեդրոնը։

Սիրելի բարեկամներ Եկեղեցին ու քահանայապետը կարիքը ունին ձեր յանձնառումին, ձեր աշխատանքին ու ձեր վկայութեան։ Յառաջ ընթացէք քաջութեամբ եւ մշտական նոր յոյսով, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով ճառը։

           

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2019, 12:12