Սպանիա հրապարակի Տիրամօր արձանը Սպանիա հրապարակի Տիրամօր արձանը 

Կիրակի 8 դեկտեմբերին Քահանայապետին աւանդական այցելութիւնը Հռոմի Սպանիայի հրապարակ։

Աւանդութիւն մը որ սկիզբ առած է 1953-ին ու կը յատկանշէ Քահանայապետերու յատուկ կապը Հռոմ քաղաքին հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ կիրակի 8 դեկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝  ըստ լատինաց Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ պիտի այցելէ Հռոմի Սպանիա հրապարակը, մեծարելու համար՝ Սպանիա հրապարակին կից «Փիացցա Մինկանելլիի» վրայ զետեղուած Տիրամօր արձանը։ Սոյն ձեռնարկի աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1953-ին ու կը յատկանշէ Քահանայապետերու յատուկ կապը Հռոմ քաղաքին հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ Սպանիա հրապարակ պիտի ժամանէ 16-ին ու պիտի հիւրընկալուի Հռոմի Թեմի Տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսի ու քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը աւանդութեան համաձայն պիտի աղօթէ Տիրամօր արձանին առջեւ այնտեղ զետեղելով նաեւ ծաղկեփունջ մը։

Հռոմ քաղաքի եւ Հռոմէացիներու համար Տիրամօր Անարատ Յղութեան տօնը  իւրայատուկ նշանակութիւն ունի։ 8 դեկտեմբերի առաւօտեան Հռոմի հրշէջները, ի յիշատակ իրենց 220 գործընկերներուն, որոնք 8 դեկտեմբեր 1857ին բացումը կատարած էին արձանին, առաջինները կը հանդիսանան որոնք  փութալով Սպանիա հրապարակ կը մեծարեն Սուրբ Կոյսին արձանը։
Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ  կոթողի  մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին։

Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնի նախօրեակին Հռոմի տասներկու առաքեալներու նուիրուած պազիլիքային մէջ կը կատարուի Իննօրեայ՝ ու ամէն երեկոյ՝ 18.30-ին պատարագ կը մատուցի ի պատսպարութիւն Անարատ Յղութեան մեծ տօնին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2019, 10:01