Ֆրանչիսկոս Պապը 83 տարեկան, համայն աշխարհէն շնորհաւորութիւններ եւ աղօթքներ։

Այս եօթներորդ տարեդարձան է որ Քահանայապետը կը տօնէ Վատիկանի մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարեւոր ամիս է դեկտեմբերը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին համար որ մի քանի օրերու ընթացքին տօնախմբեց քահանայութեան 50 ամեակը՝ 13 դեկտեմբերին, իսկ այսօր՝ 17 դեկտեմբերին, կը բոլորէ 83րդ տարեդարձը առանց սակայն դանդաղեցնելու իր Աւետարանի ի սպաս ծառայութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Համայն աշխարհը մեծ ջերմութեամբ կը մասնակցի Քահանայապետի տարեդարձի տօնին ու հազարաւոր հաւատացեալներու նամակներ ու մանուկներու բարեմաղթական խօսքեր արդեն ուղարկուեցան Քահանայապետի ել-հասցէին, ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր այլ անձինք ընկերային ցանցերու միջոցաւ արտայայտեցին իրենց մօտիկութիւնն ու մասնակցութիւնը։

Աշխարհի կառավարիչներ ու կրօնապետեր եւս իրենց պաշտօնական պատգամներով շնորհաւորեցին  Ֆրանչիսկոս Պապին տարեդարձը, անոնց շարքին է նաեւ Վաստակաւոր Քահանայապետ՝ Պենետիկտոս ԺԶը։ Բոլորն ալ անխտիր Քահանայապետին նուիրեցին իր ամենացանկացած նուէրը՝ աղօթքը. «Աղօթեցէք ինծի համար» կը կրկնէ Ան ամէն մէկ առիթին եւ այսօր աշխարհի բոլոր հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթք կը մատուցէ առ Աստուած երկար կեանք, առողջութիւն եւ  պտղաբեր առաքելութիւն մաղթելով սիրելի Քահանայապետ Ֆրանչիսկոսին։

Եորկէ Մարիօ Պերկոլիօ`   ծնած է Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէսի մէջ` 17 դեկտեմբեր 1936-ին։ 11 Մարտ 1958-ին կ՛անդամակցի Յիսուսեան միաբանութեան։ 22 Ապրիլ 1973-ինկը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը։

13 Դեկտեմբեր 1969-ին Քահանայ կը ձեռնադրուի։ 27 Յունիս 1992-ին աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը։ 28 Փետրուար 1998-ին կը դառնայ Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս։ 2001-ին կ՛ընդունի Կարդինալական աստիճանը ու Քահանայապետ կ՛ընտրուի 13 մարտ 2013-ին յաջորդելով  Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետին ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաջին Յիսուսեան Քահանայապետն է, առաջինն է որ ընտրուած է Լատին Ամերիկայէն։ Առաջինն է որ կը կրէ Ֆրանչիսկոս անունը, նման Ասսիզացիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսին որուն ընկերներն էին աղքատները, յետինները, հիւանդները,  Երկրի արարածները, քոյր Լուսինը եւ եղբայր Արեւը եւ որուն սրտին իղձն էր մարդոց ու ազգերու միջեւ խաղաղութիւնը։ Նոյն ընկերները որոնք ներշնչում են Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2019, 08:00