Գոհաբանական աղօթք Գոհաբանական աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ամավերջի եւ ամանորի գլխաւորելիք արարողութիւնները։

Չորեքշաբթի մէկ Յունուար 2020 ին կը յիշատակուի նաեւ խաղաղութեան համաշխարհային 53-րդ օրը:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, յերկիր խաղաղութիւն ու մարդոց հաճութիւն» նոյն այս աղօթքն է զոր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի արտասանէ, 31 դեկտեմբերի երեկոյեան 5-ին,  Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր տօնին նուիրուած Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ նախագահելիք ժամասացութեան ու գոհաբանական աղօթքի ընթացքին, որուն առթիւ նախատեսուած է նաեւ Սուրբ Հաղորդութեան ջերմեռանդական երկրպագութիւնն ու Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։

Արարողութեան աւարտին աւանդութիւն է որ Քահանայապետը ուղղուի Սուրբ Պետրոսի հրապարակ այնտեղ զետեղուած Մսուրին առջեւ պահ մը աղօթելու համար։

Իսկ երկրորդ օրը՝ 2020-ի առաջին օրը, մէկ յունուարին, տօնն է Մայր Աստուծոյ Սուրբ Կոյս Մարիամին. Տօնակատարութեան առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նոր տարին կը սկսի, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ գլխաւորելով գոհաբանական Հանդիսաւոր  Սուրբ Պատարագը, որմէ ետք իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ նոր տարուայ  «Հրեշտակ Տեառն»ը՝ 2020-ի առաջին Մարեմեան  աղօթքը։

Չորեքշաբթի մէկ  Յունուար 2020 ին կը յիշատակուի նաեւ խաղաղութեան համաշխարհային 53-րդ օրը, որուն առթիւ Նորին Սրբութիւնը հրատարակած էր պատգամ մը. «Խաղաղութիւնը որպէս յոյսի ուղեւորութիւն. Երկխօսութիւն, հաշտութիւն եւ բնապահպանական դարձ» բնաբանով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2020, 12:10