Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2019-ի վերջին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

«Ընտանիքը թանկարժէք գանձ մըն է, հարկաւոր է միշտ թիկունք կանգնիլ անոր ու պաշտպանել զայն» ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւիրեց աղօթել Մոկատիշոյի ահաբեկչական արարքի զոհերուն համար։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որ այս տարուայ վերջինն էր եւ որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բազմահազար հաւատացեալներ։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքէն առաջ Սրբազան Պապը ներկայացնելով աւանդական խորհրդածութիւնը ակնարկեց այսօր տօնախմբուած Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքի տօնին։

«Սուրբ Ընտանիք մը որ ամբողջութեամբ Աստուծոյ կամքին տրամադրութեան տակ եղաւ» ըսաւ Քահանայապետը, ապա ակնարկեց Մարիամին՝ որ իր հեզութեամբ հպատակեցաւ Սուրբ Հոգւոյն  եւ չի զլացաւ ինքզինք «աղախին» հռչակելու, ի տես իրեն վերապահուած կոչումին։ Յիսուս մեծարեց զայն ըսելով. Երանի անոնց որոնք կ՛ունկնդրեն Աստուծոյ խօսքը ու զայն կը գործադրեն (Ղուկաս 11, 28)։

Մարիամ նոյնիսկ երբ լիովին չի հասկցաւ զինք ներգրաւող իրադարձութիւնները, լռութեան մէջ խոկաց ու խորհրդածեց Աստուածային նախաձեռնութեան վրայ, ու խաչին ոտքին անոր ներկայութիւնը երաշխիքն է այդ տրամադրութեան։

Ինչ կը հայի Յովսէփին՝ Աւետարանը մեզի կը փոխանցէ մէկ բան. Ան չի խօսիր այլ կը գործէ հնազանդելով։ Ան չուզէր արգելք հանդիսանալ Աստուծոյ ծրագրին ու կամքին եւ լիովին կը հնազանդի իրեն տրուած ցուցմունքներուն եւ այսօրուան Աւետարանը, որ քաղուած է Մատթէոս աւետարանիչէն եւ կը խօսի Սուրբ Ընտանիքին դէպի Եգիպտոս փախուստի մասին, ի յայտ կը դնէ այդ հնազանդութեան հարազատութիւնը։

Աստուծոյ հրեշտակին հրամանով Յովսէփ իր ընտանիքը կը հեռացնէ Հերովդէսի սպառնալիքներէն։ Սուրբ Ընտանիքը այդպէսով զօրակից կը դառնայ այն բոլոր ընտանիքներուն որոնք աշխարհի մէջ ստիպուած են դիմել գաղթականութեան ճանապարհին, անոնց հետ որոնք ստիպուած են լքել իրենց հողերը, հալածանքի, բանութեան ու պատերազմի պատճառաւ։

Եւ ի վերջոյ Յիսուս՝ Ան Աստուծոյ նոյնինքն  կամքն է. Անոր մէջ չկայ «այո» կամ «ոչ» այլ միայն «այո»ն. կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոս Յիսուսի մասին։ Անոր կեանքի բոլոր դրուագները կը բացայայտեն այդ մէկը։

Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքը տիպար մեր ընտանիքներուն

«Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքը կը ներկայացնէ միասնական մէկ պատասխան մը Աստուծոյ կամքին. Անոր երեք անդամները մեզի կ՛օգնեն վերագտնելու եւ իրականացնելու Աստուծոյ ծրագիրը։

Թող որ Սուրբ Ընտանիքը ըլլայ տիպար մեր ընտանիքներուն, որպէսզի ծնողք ու զաւակներ իրարու թիկունք կանգնին յարելով Աւետարանին, որ ընտանիքի սրբութեան հիմքն է», ըսաւ ապա Սրբազան Պապը աշխարհի բոլոր ընտանիքները յանձնելով Մարիամին՝ ընտանիքներու Թագուհիինն, յատկապէս այն ընտանիքները որոնք կը տառապին ու կ՛ապրին դժուարութեան մէջ, «անոնց վրայ հայցենք Տիրամօր մայրական հովանին», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը, ապա Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն հետ միասին արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունելով զանոնք հրաւիրեց աղօթել Սոմալիայի Մոկատիշօ քաղաքին  մէջ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկչական արարքին պատճռած 70է աւելի  զոհերուն համար։

«Մօտիկ եմ անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու բոլոր անոնց որոնք կ՛ողբան անոնց մահը» ըսաւ Սրբազան Պապը, հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած տարբեր վայրերէ ժամանած ուխտաւորները  ու յատկապէս ընտանիքները. «Ընտանիքը, ըսաւ Ան, թանկարժէք գանձ մըն է, հարկաւոր է միշտ թիկունք կանգնիլ անոր ու պաշտպանել զայն»։

Նորին Սրբութիւնը 2019 տարուայ վերջին Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խաղաղ Ամավերջ. «Տարին աւարտենք խաղաղութեամբ, սրտի խաղաղութեամբ։ Շնորհակալ եմ ձեր շնորհաւորական ուղերձներուն ու աղօթքներուն համար։ Շարունակեցէք աղօթել ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առնելով հաւատացեալներէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2020, 12:15