Որոնել

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 22 դեկտեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը կեդրոնացաւ Սուրբ Յովսէփին վրայ։

«Յովսէփ ամբողջութեամբ կը վստահի Աստուծոյ ու կը հնազանդի Հրեշտակի խօսքին ու այդ Աստուծոյ վրայ անվերապահ վստահութիւնն է որ անոր թոյլ կու տայ ընդունելու մարդկայնօրէն դժուար ու անբացատրելի իրավիճակ մը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 22 դեկտեմբեր 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած կիրակնօրեայ աւանդական Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց՝ Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած (Գլ. 1, 18 -24) օրուան աւետարանին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը այս կերպով եղաւ։ Անոր մայրը Մարիամ Յովսէփին նշանուած, դեռ իրարու քով չեկած՝ Սուրբ Հոգիէն յղացած գտնուեցաւ։ Յովսէփ՝ անոր այրը՝ արդար մարդ ըլլալով ու չուզելով որ զանիկա խայտառակ ընէ, մտածեց որ ծածկաբար արձակէ զանիկա։ Եւ երբ անիկա այս բանը կը մտածէր, ահա Տէրոջը հրեշտակը երազի մէջ երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Յո՛վսէփ, Դաւիթի որդի, մի՛ վախնար Մարիամը իբր կին առնելէ, վասն զի անոր ներսիդին ծնածը Սուրբ Հոգիէն է։ Ան որդի մը պիտի ծնանի, անոր անունը Յիսուս պիտի դնես, քանզի անիկա իր ժողովուրդը իրենց մեղքերէն պիտի փրկէ»։ Այս ամէնը եղաւ, որպէս զի կատարուի Տէրոջմէն ըսուածը մարգարէին միջոցով, որ կ’ըսէ. «Ահա կոյսը պիտի յղանայ ու որդի պիտի ծնանի, անոր անունը Էմմանուէլ պիտի կոչեն, որ կը թարգմանուի Աստուած մեզի հետ»։ Յովսէփ քունէն արթննալով՝ ինչպէս Տէրոջը հրեշտակը իրեն հրամայեց, այնպէս ըրաւ ու իր կինը քովն առաւ։ Եւ չգիտցաւ զանիկա՝ մինչեւ իր անդրանիկ որդին ծնաւ։ Անոր անունը Յիսուս դրաւ։

«Գալստեան այս չորրորդ եւ վերջին կիրակի օրուան առթիւ Աւետարանը մեզ դէպի Սուրբ Ծնունդ կ՛առաջնորդէ Սուրբ Յովսէփի փորձառութեան ընդմէջէն, որուն մէջ ներփակուած է քրիստոնէական իմաստութիւնը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Յովսէփը ներկայացնելով որպէս մարդ մը, որ կը ջանար իրագործել Աստուծոյ կամքը ու զայն կ՛ընէր Աւետարանի եւ Երանութիւններու տիպարով. «Երանի Հոգիով աղքատներուն, որովհետեւ անոնցն է երկնքի արքայութիւնը»։

«Յովսէփ ամբողջութեամբ կը վստահի Աստուծոյ ու կը հնազանդի Հրեշտակի խօսքին ու այդ Աստուծոյ վրայ անվերապահ վստահութիւնն է որ անոր թոյլ կու տայ ընդունելու մարդկայնօրէն դժուար ու անբացատրելի իրավիճակ մը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը, դիտել տալով որ Յովսէփ հաւաքով կը հասկնայ որ մանուկը որ Մարիամ կը կրէ իր արգանդին մէջ Աստուծոյ Որդին է ու թէ ինք Անոր պահապանն է երկրի վրայ։

«Այս հեզաբարոյ ու իմաստուն մարդուն օրինակը մեզ կը խրախուսէ մեր աչքերը վեր բարձրացնելու ու աւելի անդին նայելու, որդեգրելով Աստուծոյ զարմանալի տրամաբանութիւնը, որ փոքր ու մեծ հաշիւներէն անդին, կազմուած է նոր հորիզոններու նկատմամբ բացուածքով, դէպի Քրիստոս ու Անոր Խօսքը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի ու անոր փեսային Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնեն մենք անսալու եկող Յիսուսին որ կը խնդրէ ընկալուիլ մեր ծրագիրներու ու մեր ընտրանքներուն մէջ։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Քահանայապետը խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն եւ ուխտաւորներուն եւ ակնարկելով  երեք օր ետք տօնախմբուող Սուրբ Ծննդեան տօնին, ըսաւ. «մտածումս կ՛երթայ յատկապէս այն ընտանիքներուն, որոնք այս տօնական օրերուն առթիւ կը համախմբուին իրարու մօտ։ Թող որ Սուրբ Ծնունդը բոլորին համար ըլլայ առիթ եղբայրութեան, ինչպէս նաեւ առիթ՝ աճելու հաւատքին մէջ եւ կարիքաւոր անձերու նկատմամբ, զօրակցութեան արարքներու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ բոլոր ներկաներուն մաղթեց բարի կիրակի ու խնդրեց որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2019, 12:09