Որոնել

1575803675830.jpg

Ըստ Լատինաց Գալստեան երրորդ կիրակի օրուայ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքը։

Մանուկը որ կը ննջէ մսուրին մէջ ունի մեր կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, աղքատներուն, դիմագիծը որոնք այդ խորհուրդի առանձնաշնորհեալներ են։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 15 դեկտեմբեր 2019-ին ըստ լատինաց Գալստեան (Յիսնակացի) երրորդ կիրակին է, որուն առթիւ աւանդութեան համաձայն Կիրակնօրեայ մարեմեան Աղօթքի մասնակցող հաւատացեալները ու յատկապէս մանուկները իրենց հետ կը բերեն Մանուկ Յիսուսի արձանիկները զանոնք օրնհել տալու Քահանայապետին կողմէ։

Ունկնդրէ լուրը

Գալստեան Երրորդ կիրակի օրուայ առթիւ արտասանած Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին ներկայացուած խորհրդածութեան մէջ Սրբազան Պապը նշեց թէ այս կիրակի անուանուած է նաեւ ուրախութեան կիրակի ու թէ Աստուծոյ խօսքը մեզ կը հրաւիրէ մասնակից ըլլալու այդ ուրախութեան, թէեւ անոր կը հակասէ Յովհաննէս Մկրտիչին տարակոյսը երբ աշակերտներ կը ղրկէ Քրիստոսին հարց տալու. «Դուն ես ան որ պիտի գար թէ ուրիշ մէկու սպասնենք» (Մատթ. 11, 3)։

«Այս մէկը բոլոր ժամանակներուն իրականութիւնն է որ փորձի տակ կը դնէ հաւատքը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով որ Աստուծոյ մարդը աւելի անդին կ՛ուղղէ հայեացքը, որովհետեւ Հոգին Սուրբ անոր սրտին մէջ հնչել կու տայ իր խոստումը ու կը հռչակէ փրկութիւնը. «Մի վախնաք։ Ահա ձեր Աստուածը։ Ան պիտի փրկէ ձեզ»։ Այդպէս է որ ամէն ինչ կը կերպարանափոխուի, անապատը կը ծաղկի, ուրախութիւնն ու մխիթարութիւնը կը տիրանան անոնց որոնք սրտով կորուստի մատնուած են, կաղը, կոյրը, ու համրը կը բժշկուին, ու այս ամէնը կ՛իրականանայ Յիսուսով։

Գալստեան այս շրջանը մեզ կը մղէ Յովհաննէս Մկրտիչի նոյն հարցումը ուղղելու ու անոր նման ապաշխարելու որպէսզի մենք եւս ճանչնանք այն հեզ ու ողորմած դիմագիծը զոր Աստուած ընտրեց Յիսուս Քրիստոսի մէջ ։

Գալստեան շրջանը շնորհքի շրջան է ու մեզի կ՛ըսէ թէ բաւարար չէ հաւատալ Աստուծոյ, այլ հարկաւոր է ամէն օր բիւրեղացնել  մեր հաւատքը։ Կը նշանակէ ամէն օր պատատուիլ ընկալելու ոչ թէ անձնաւորութիւն  մը այլ Աստուած։ Եւ Մանուկը որ կը ննջէ մսուրին մէջ ունի մեր կարիքաւոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն, աղքատներուն, դիմագիծը որոնք  այդ խորհուրդի առանձնաշնորհեալներ են»։

Մինչ Սուրբ  Ծնունդը կը մօտենայ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ որպէսզի չի  ցրուինք արտաքին երեւոյթներով, այլ մեր սրտին մէջ տեղ բանանք Անոր որ արդեն եկած է ու նաեւ պիտի գայ դարմանելու համար մեր հիւանդութիւնները ու մեզի պարգեւելու իր ուրախութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2019, 12:06