Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

«Ուրախացիր, լի շնորհքով. Տէրը քեզի հետ». Ֆրանչիսկոս Պապին 8 դեկտեմբերի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Աղօթքի աւարտին Քահանայապետը յայտնեց թէ Անարատ Յղութեան տօնին առիթով այսօր կ՛այցելէ Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքան եւ Սպանիա հրապարակը հրաւիրելով հաւատացեալները իրեն միանալու աղօթքով։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 8 դեկտեմբեր 2019-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեամբ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, որուն առանցքը կազմեց այսօր նշուող Անարատ Յղութեան տօնը։

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ աւետարանին մէջ կը հնչէ Հրշտակին Աւետիսը. «Ուրախացիր, լի շնորհքով. Տէրը քեզի հետ» (Ղուկաս 1, 28)։

Աստուած ի սկզբանէ Մարիամը ուզած է որպէս լի շնորհքով եւ լի սիրով։ Եւ Մարիամ գիտցաւ ինքզինք դնել Աստուծոյ Խօսքի ունկնդրութեան տակ ու ամբողջութեամբ վստահեցաւ Անոր կամքին, զինք անվերապահօրէն ընկալելով իր կեանքին ներքոյ։

«Մինչեւ այն աստիճան որ Բանն մարմին եղաւ իրեն միջոցաւ եւ այս մէկը կարելի եղաւ Սուրբ Կոյսին «Այոյին» շնորհիւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ահաւասիկ Տիրոջ Աղախինն եմ ես, թող ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»։

Մարիամ անմիջապէս եւ ամբողջութեամբ ինքզինք կը դնէ Աստուծոյ տրամադրութեան տակ իր հեզութեամբ, փոքրութեամբ, աղքատութեամբ ու «այդպէսով անոր մէջ կը ցոլայ Աստուծոյ գեղեցկութիւնը, որ սէր է, շնորհք ու անձնուիրում է» յարեց Սրբազան Պապը, յատուկէն շեշտելով Մարիամի «Ես Տիրոջ Աղախինն եմ» խօսքը ու այդ ծառայութեան դրսեւորումը՝ երբ ան գնաց այցելելու Եղիսաբեթը։

«Աստուծոյ նկատմամբ տրամադրութիւնը ի յայտ կու գայ մերձաւորի կարիքները մեր վրայ առնելու տրամադրութենէն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը։

«Եւ այս ամենը՝ առանց աղմկայարոյցի, առանց պատուոյ տեղեր փնտռելու, առանց գովազդներու, որովհետեւ սէրը ու ողորմութեան գործերը կարիքը չունին ցուցադրուելու» աւելցուց Ան, ապա յորդորեց որ մեր հասարակութիւններուն ներքոյ եւս հետեւինք Մարիամի  օրինակին։ Քահանայապետը  խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Անոր բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ, մեր կեանքը վերածելու Աստուծոյ արտասանուած «Այո»ի, «այո» մը որ ըլլայ պաշտամունք ու առօրեայի սիրոյ ու ծառայութեան արարք։

Մարեմեան աղօթքէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները վերյիշելով թէ շաբաթ օր Կուաթեմալայի մէջ Երանելի հռչակուեցաւ՝ հաւատքի խոստովանող՝  Հայր Ճաքոմօ Միլլերը, որ իր կեանքի գնով վճարեց ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութիւնը։

Քահանայապետը ակնարկեց ապա Փարիզի մէջ կայանալիք ՝Ուքրանիայի, Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ նախագահներու ժողովին,  որուն նպատակն է  լուծում գտնել տարիներէ ի վեր Ուքրանիան յուզող հակամարտութեան։

«Հանդիպումին կ՛ընկերանամ խոր աղօթքով ու կը հրաւիրեմ որ նոյնը կատարէք որպէսզի քաղաքական երկխօսութեան այս ձեռնարկը սատարէ պարգեւելու արդարութեան մէջ խաղաղութեան պտուղներ, այդ երկրին ու անոր ժողովուրդին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու խումբերը եւ յիշեցուց որ  յետմիջօրէին պիտի այցելէ Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան՝ աղօթելու համար Աստուածամօր,  ապա պիտի այցելէ Փիացցա Տի Սպանիան մեծարելու համար Անարատ Յղութեան արձանը։

Կը խնդրեմ որ իմ այս  ժեստին միանաք հոգեպէս որը՝ մեր Երկնային Մօր նկատմամբ որդիական նուիրումի  արտայայտութիւն է։

Սրբազան Հայրը խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի Անարատ Յղութեան տօն ու բարի յիսնակացի շրջան, խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն  համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2019, 12:12