Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Հարկաւոր է արթննալ անտարբերութեան քունէն». Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետը կոչ ուղղեց ի նպաստ Իրաքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կաթողիկէ Լատին Հաւատացեալներու հասարակութեան համար այսօր՝  Կիրակի մէկ դեկտեմբեր 2019-ին սկիզբ կ՛առնէ յիսնակաց շրջանը եւ օրուան Աւետարանը որ քաղուած է Մատթէոս Աւետարանիչէն  (Գլ 24, 37-44) մեզ կը ներմուծէ այդ շնորհքի ժամանակաշրջանին մէջ հրաւէր ուղղելով «հսկելու, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ օրը երբ Տէրը դարձեալ պիտի գայ»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւանդութեան համաձայն իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Օրուան Սուրբ գրային ընթերցումները մեկնաբանելով Քահանայապետը նշեց թէ այսօր Եկեղեցւոյ համար սկիզբ կ՛առնէ ծիսական նոր տարի մը, ու չորս շաբաթ տեւող ծննդեան սպասումի շաբաթները մեզի կ՛առաջնորդեն դէպի Յիսուսին Ծննդեան տօնը, մինչ մեզի կը յիշեցնեն թէ Ան ամէն օր կու գայ մեր կեանքին մէջ ու իր փառքով պիտի վերադառնայ ժամանակներու աւարտին։

«Յիսնակացը պատշաճ ժամանակաշրջանն է ընկալելու Յիսուսին գալուստը, որ կու գայ որպէս խաղաղութեան պատգամաւոր, մեզի ցոյց տալու Աստուծոյ ուղիները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Աւետարանի հրաւէրին՝ հսկել, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ օրը երբ Տէրը դարձեալ պիտի գայ»։

Հսկել, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, չի նշանակեր մեր աչքերը բաց պահել այլ ազատ պահել սիրտը՝ ու զայն սեւեռել շիտակ ուղղութեամբ, այսինքն պատրաստ նուիրումի ու ծառայութեան։

«Քունը որմէ պէտք արթննանք անտարբերութեան, ունայնութեան ու մարդկային իսկական կապեր հաստատելու անկարողութեան քունն է» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը ու նշեց որ Յիսուսին սպասումը պէտք է որ թարգմանուի՝ հսկելու յանձնառումով։

Հսկել կը նշանակէ ուշադիր ըլլալ դժուարութեան մէջ ապրող մեր մերձաւորին, մտահոգուիլ անոր կարիքներով, առանց սպասելու որ ան հայցէ մեր օգնութիւնը, ու սորվիլ կանխել եւ կանխատեսել՝ այնպէս ինչպէս Աստուած կ՛ընէ մեր հետ։

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւնը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի՝ Յոյսի Մօր հովանին, որպէսզի մեզ առաջնորդէ ու մեզ օգնէ մեր հայեացքը ուղղելու դէպի Տիրոջ Լեռը, Յիսուս Քրիստոս՝ որ իրեն կը քաշէ բոլոր մարդիկը ու բոլոր ժողովուրդները։

Ունկնդրէ լուրը

Կոչ ի նպաստ Իրաքին։

Մարեմեան աղօթքը արտասանելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն յայտնեց թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Իրաքի կացութեան ու թէ ցաւով իմացաւ թէ անցեալ օրերու բողոքի ցոյցերը ծանր արձագանք ունեցան զոր տասնեակ զոհեր պատճառեց։

«Կ՛աղօթեմ մեռեալներու եւ վիրաւորներու համար ու մօտիկ եմ անոնց ընտանիքներուն ու համայն Իրաքի ժողովուրդին, որուն համար Աստուծմէ կը հայցեմ խաղաղութիւն եւ համերաշխութիւն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Նշենք թէ երկու ամսուայ ընթացքին Իրաքի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ու բախումներու պատճառաւ իրենց կեանքը կորսնցուցին 400 անձինք։ Ի տես այս ծանր իրավիճակին Երկրին Վարչապետ Ապտել Ապտուլ Մահտի որոշեց  իր հրաժարականը ներկայացնել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2019, 12:11