Որոնել

Քահանայապետական պատգամ՝ Լա Հապանայի Սան Քրիսթոպալ քաղաքի հիմնադրութեան 5րդ դարադարձին առթիւ։

Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ Սան Քրըիսթոպալի հիմքը կազմող երեք պատմական երեւոյթներու վրայ՝ Հաւատք, սէր եւ յոյս։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լա Հապանայի Սան Քրիսթոպալ քաղաքի հիմնադրութեան 5րդ դարադարձին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը լսատեսողական պատգամ մը յղեց  Լա Հապանայի բնակիչներուն որուն մէջ շնորհաւորելով քաղաքի 500րդ տարեդարձը նշեց թէ  «այդ սիրելի ժողովուրդին 500 տարուայ պատմութեան ընթացքին միահիւսուած են բազմաթիւ կեանքեր որոնք նուիրուեցան ուրիշներուն, բազմաթիւ երազներ, ջանքեր, բաժնեկցուած զոհողութիւններ, կառուցելու  համար ներկան ու Քուպայի զաւակներուն ապագան»։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապը շեշտը դրաւ  Սան Քրըիսթոպալի հիմքը կազմող երեք պատմական երեւոյթներու վրայ՝ Հաւատք, սէր եւ յոյս։

«Հաւատքը, ըսաւ Ան, քաղաքի արմատներուն մէջ է։ Արմատներն ալ թիկունք են կեանքին որ կը զարգանայ, անոնք սնունդ կու տան։ Մի մոռնաք այդ արմատները, ձեր նախնիքներուն հաւատքի վկայութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը  հրաւիրելով զանոնք ըլլալ Աւետարանի վկաներ՝ վկաները հաւատքի ու նաեւ սիրոյ։ Եւ սէրը Քուպացի ժողովուրդը յատկանշող երկրորդ երեւոյթն է, «որուն տիպարը Սուրբ Կոյս Մարիամն է որ ձեր միջեւ ներկայ է Քոպրէի Գթութեան Սուրբ Կոյսի միջոցաւ» նկատել տուաւ Քահանայապետը։

«Մարիամին գթութիւնը մեզի կը սորվեցնէ սէր պարգեւել ու զայն պարգեւել քնքշութեամբ, նուիրումով, առօրեայի կեանքին մէջ» յարեց ապա Սրբազան Պապը մատնանշելով որ այդպէսով է որ կը կազմուի Քուպացի ժողովուրդին միութիւնը ու հաշտութիւնը։

«Սուրբ Կոյսը մեզ օգնէ պարելու այդ սէրը որ չի նշանակեր միայն բան մը տալ ուրիշին այլ մենք մեզ նուիրել։ Ընկերային բարեկամութիւնը ապրիլն է որ ժողովուրդը կ՛օգնէ յառաջ ընթանալու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց երրորդ երեւոյթին՝ յոյսին։ ։

«Ձեր տօնախմբած յոբելեանը թող ըլլայ առիթ նորոգուած յոյսի» ըսաւ Քահանայապետը եւ այնպէս ինչպէս Սուրբ Քրիսթոպալը իր ուսերուն վրայ կը շալկեր եղբայրները, դուք ալ իրարու թիկունք կանգնեցէք, օգնեցէք զիրար, քաջալերեցէք մէկը միւսին ու յառաջ ընթացէք առանց կորսնցնելու յոյսը, ձեր հայեացքը ուղղելով միշտ նպատակին» պատգամեց Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարելով նաեւ ապրիլ սիրոյ եւ յոյսի միութեան մէջ։

«Տիրոջմէ կը հայցեմ որ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ կոթողները, այնպէս ինչպէս նաեւ ուրախութիւնը՝ որ ձեր յատկանիշներէն մին է, այս յոբելենական շնորհքի ժամանակուայ ընթացքին վերանորոգուին ու աւելիով զարգանան» մաղթանք յայտնեց Սրբազան Պապը ու  պատգամը աւարտեց բոլորին վրայ հայցելով Յիսուսին օրհնութիւնները եւ Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին։

«Բարեհաճեցէք չի մոռնալ աղօթելու ինծի համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2019, 12:00