«Քրիստոսի առաքեալներ, առաքեալ միսիոնարներ»։ «Քրիստոսի առաքեալներ, առաքեալ միսիոնարներ»։  

Ուրախութիւն եւ սպասում Քահանայապետին Թայլընտ կատարելիք ճամբորդութեան համար։

Քահանայապետական միջազգային առաքելական 28-րդ Ճամբորդութեան առաջին հանգրուանին նշանաբանն է «Քրիստոսի առաքեալներ, առաքեալ միսիոնարներ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 20 -26  նոյեմբեր 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութեամբ պիտի մեկնի Թայլընտ ապա Ճափոն։  

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետական միջազգային առաքելական 28-րդ Ճամբորդութեան առաջին հանգրուանին նշանաբանն է «Քրիստոսի առաքեալներ, առաքեալ միսիոնարներ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը՝ 1984ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին կատարած առաքելական ճամբորդութենէն  ետք երկրորդ քահանայապետն է որ կ՛այցելէ Թայլընտը, տօնախմբելու համար նաեւ Սիամի առաքելական փոխանորդութեան հիմնադրութեան 350 ամեակը։

Վերոնշեալ երկու երկիներուն մէջ կաթողիկէները փոքրամասնութիւն են՝ բնակչութեան 0.5 առ հարիւրը։ Թայլընտի մէջ կ՛ապրին գրեթէ 400 հազար կաթողիկէ ուր Պուտիսթները կը կազմեն բնակչութեան 90 առ հարիւրը, մինչ Ճափոնի կաթողիկէներուն թիւը  540 հազար է, ուր բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը հետեւի Շինթոյիսթ եւ Պուտտիսթ կրօններուն։

Թայլընտի հիւսիսը գտնուող  Շիանկ Մայ թեմը հաստատուած է 1959-ին ու անոր մաս կը կազմեն երկու ժողովրդապետութիւններ՝ Շայհոմի եւ Լամփհունի ժողովրդապետութիւնները ուր իր ծառայութիւնը կը մատուցէ Փատովացի Հայր Ռաֆայէլէ Սանտոնան։

Ան Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց որ Ֆրանչիսկոս Պապին ճամբորդութիւնը պիտի ծառայէ հաւատքի մէջ հաստատելու այդ երկիրներուն կաթողիկէները, որպէս նպատակ ունենալով խթանել միջ կրօնական երկխօսութիւնը»։

«Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն այցելութիւնը դէպի առջեւ կարեւոր քայլ մը պիտի հանդիսանայ, ըլլայ երկխօսութեան, ըլլայ տեղական եկեղեցիէն պահանջուած վկայութեան համար» նշեց Հայր Ռաֆայէլէ Սանտոնան աւելցնելով որ հաւատացեալները մեծ ուրախութեամբ կը սպասեն Քահանայապետին ժամանումին։

.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2019, 10:34