Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Թայլընտի եւ Ճափոնի ճամբորդութիւնը առանցքը կազմեց Քահանայապետին հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութեան։

Թայլընտի եւ Ճափոնի առաքելական միջազգային 32-րդ ճամբորդութիւնը սկիզբ առած էր 19 նոյեմբերին ու վերջ գտաւ երէկ՝ 26 նոյեմբերի երեկոյեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 27 նոյեմբեր 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը յատկացուց Թայլընտի եւ Ճափոնի առաքելական միջազգային 32-րդ ճամբորդութեան որ սկիզբ առած էր 19 նոյեմբերին ու վերջ գտաւ երէկ երեկոյեան։

Ունկնդրէ լուրը

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, երէկ վերադարձայ Թայլընտ եւ Ճափոն առաքելական ճամբորդութենէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով երկու երկիրներու քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններուն,  իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար։

Անդրադառնալով Թայլընտի ճամբորդութեան Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ.  «Քաջալերեցի ներդաշնակութեան յանձնառումը երկրի զանազան բաղադրիչներու միջեւ։ Պուտտիսթ կրօնը այդ ժողովուրդի կեանքի ու պատմութեան անբաժան մաս է եւ Պուտտիսթներու Պատրիարքին իմ այցելութեամբս ուզեցի շարունակել փոխադարձ  յարգանքի ճանապարհը, որուն սկիզբ տուած են իմ նախորդներս, որպէսզի աշխարհի մէջ աճի կարեկցութիւնն ու եղբայրութիւնը։

«Թայլընտի Եկեղեցւոյ վկայութիւնը կ՛անցնի հիւանդներու ու լքուած մարդոց ծառայութեան ընդմէջէն ու պատարագներու ընթացքին Աստուծոյ ժողովուրդին ու երիտասարդներուն հետ մենք փորձարկեցինք թէ Յիսուս Քրիստոսի հիմնած նոր ընտանիքէն ներս կան նաեւ Թայլընտի ժողովուրդին դիմագիծն ու ձայնը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը որ խորհրդածութեան երկորդ մասը նուիրեց Ճափոնի ճամբորդութեան։

«Անցայ Ճափոն ու հազիւ այնտեղ ժամանած եպիսկոպոսներուն հետ բաժնեկցեցայ փոքրիկ եկեղեցւոյ մը մէջ հովիւ ըլլալու մարտահրաւէրները» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով  «Հիւլէական ռումբերու թիրախ այդ երկրի այցելութեան նշանաբանին «Պաշտպանել իւրաքանչիւր կեանք»։ Նակազաքիի ու Հիրոշիմայի մէջ աղօթեցի ու հանդիպեցայ վերապրածներու ու զոհերու ընտանիքներուն հետ ու վերահաստատեցի՝ հիւլէական զէնքերու  դատապարտումը ու կեղծաւորութիւնը՝ խօսելու խաղաղութեան մասին մինչ կ՛արտադրուին ու կը վաճառուին  պատերազմի գործիքներ։

Պաշտպանելու համար կեանքը հարկ է զայն սիրել։ Այս ըրին Սուրբ Փոլ Միքին ու իր բարեկամները որոնք պահպանեցին իրենց հաւատքը հակառակ հալածանքներուն։ «Քաջալերեցի երիտասարդները  դիմադրելու ամէն տեսակ ոտնձգութիւններուն ու յաղթահարելու վախն ու փակումը, բացուելով Աստուծոյ սիրոյն՝ աղօթքի ու մերձաւորի ծառայութեամբ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւելցուց.  «մաղթեցի որ Ճափոնը զարգացնէ հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթ մը որ յատկանշուած ըլլայ իմաստութեամբ ու հրիզոններու լայնութեամբ»։  

«Ճափոնը արդարեւ կարող է դառնալ առաջատար երկիր՝ աւելի ադար ու խաղաղ աշխարհի մը համար ու մարդու եւ բնութեան միջեւ ներդաշնակութեան ուղիով» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը խորհրդածութեան աւարտին Աստուծոյ նախախնամութեան յանձնելով Թայլընտի եւ Ճափոնի ժողովուրդները ։

Հրապարակային ունկնդրութիւն
Հրապարակային ունկնդրութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2019, 10:30