Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

«Ակիւղասն ու Պրիսկիպան Աւետարանի ծառայող ամոլ» Քահանայապետի Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։

«Հայցենք Հօր Աստուծմէ որ Սուրբ Հոգին զեղու բոլոր քրիստոնեայ զոյգերուն վրայ, որպէսզի Ակիւղասի ու Պրիսկիպայի օրինակով, իրենք եւս բանան իրենց սրտին դռները Քրիստոսին ու եղբայրներուն»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ասկէ ետք Պօղոս՝ հեռանալով Աթէնքէն՝ եկաւ Կորնթոս,  գտաւ Հրեայ մը՝ Ակիւղաս անունով, ծնունդով՝ Պոնտացի, որ իր Պրիսկիղա կնոջ հետ նոր եկած էր Իտալիայէն (քանի որ Կղօդիոս պատուիրած էր բոլոր Հրեաներուն՝ հեռանալ Հռոմէն), եւ գնաց անոնց քով: Քանի ինք արհեստակից էր, անոնց քով բնակեցաւ եւ աշխատեցաւ, որովհետեւ արհեստով վրանագործ էին։

Գործք առաքելոցի 18-րդ գլուխէն քաղուած վերոնշեալ հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին 13 նոյեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութեան։

Ունկնդրէ լուրը

«Գործք առաքելոցի մէջ կը պատմուի որ Պօղոս, որ անխոնջ աւետարանիչ է, Աթէնքի մէջ կեցութենէն ետք, յառաջ կը տանի Աւետարանի ընթացքը աշխարհին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը,  նկատել տալով որ անոր առաքելական ճամբորդութեան երկրորդ հանգրուանը Կորնթոսն էր ուր ան կը հիւրընկալուի Ակիւղաս ու Պրիսկիպա ամոլի մօտ։

«Այդ զոյգը ցոյց կու տայ թէ իրենց սիրտը լի է Աստուծոյ նկատմամբ հաւատքով ու վեհանձն է ուրիշներու նկատմամբ, ու կարող է նաեւ տեղ տալու անոնց որոնք իրենց նման կը փորձարկեն պանդխտութեան իրականութիւնը։ Իրենց այս զգայնութիւնը զանոնք կը մղէ ի գործ դնելու հիւրընկալութեան քրիստոնէական արուեստը ու իրենց տան դռները բանալու Պօղոս առաքեալի դիմաց։ Այդպէսով անոնք ոչ միայն կը հիւրընկալեն աւետարանիչը այլ նաեւ իր հետ բերած աւետիսը՝ Քրիստոսի Աւետարանը որ է Աստուծոյ զօրութիւն բոլոր հաւատացողներու փրկութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը։

Ակիւղասն ու Պրիսկիպան արհեստակից էին Պօղոսին ու վրանագործ էին ու Պօղոս երկնային վրաններ կարելէ ետք կը սկսի կարել երկնային վրաններ, եւ Աստուծոյ վրանը կը լարէ կորնթացիներուն միջեւ, այսինքն կը հիմնէ կորնթացիներուն եկեղեցին։

«Ակիւղասն ու Պրիսկիպան տունին դռները կը բանան նաեւ Քրիստոսի եղբայրներուն եւ քոյրերուն դիմաց, որոնք այնտեղ կը համախմբուին այդ տունը դարձնելով տնային եկեղեցի մը ուր կ՛ունկնդրուի Աստուծոյ Խօսքը ու կը մատակարարուի Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը» ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով թէ ինչպէս մէկ ու կէս տարի ետք Պօղոսը, Ակիւղասն ու Պրիսկիպան կը թողուն Կորնթոսը ու կը փոխադրուին Եփեսոս, ուր այնտեղ եւս անոնց տունը կը դառնայ քրիստոնէականի ուսուցման վայր։ Ու երբ ամոլը առիթը կ՛ունենայ Հռոմ վերադառնալու Պօղոս առաքեալ յատուկ գնահատանքի խօսք կը նուիրէ անոնց Հռոմէացիներուն գրած իր նամակին մէջ «Ողջունեցէք Ակիւղասն ու Պրիսկիպան Քրիստոս Յիսուսով համագործակիցներս։ Անոնք իմ կեանքս ազատելու համար իրենց կեանքը վտանգեցին ու ոչ միայն ես անոնց երախտապարտ եմ, այլ հեթանոսական աշխարհի համայն եկեղեցին»։

«Պօղոսի համագործակիցներուն միջեւ Ակիւղասն ու Պրիսկիպան կը ներկայանան որպէս ամուսնական կեանքի տիպար որ յանձնառու է քրիստոնեայ հասարակութեան ծառայութեան ուղիով» յարեց Նորին Սրբութիւնը, շեշտելով Աւետարանի տարածումի բերումով աշխարհականներու դերը ու աւելցնելով որ Ակիւղասն ու Պրիսկիպան մեզի կը յիշեցնեն որ Հաւատքի ու իրենց նման բազմաթիւ աշխարհականներու յանձնառումին շնորհիւ քրիստոնէութիւնը հասաւ մինչեւ մեր օրերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդածութիւնը եզրափակեց հրաւիրելով «հայցել Հօր Աստուծմէ՝ որ որոշեց ամոլը դարձնել իր իսկական կենդակի քանդակը, որ Սուրբ Հոգին զեղու բոլոր քրիստոնեայ զոյգերուն վրայ որպէսզի Ակիւղասի ու Պրիսկիպայի օրինակով, իրենք եւս բանան իրենց սրտին դռները Քրիստոսին ու եղբայրներուն եւ իրենց տուները վերածեն տնային եկեղեցիներու ուր ապրիլ հաղորդութեան մէջ ու մատուցեն կեանքի պաշտամունքը՝ որ ապրուած է հաւատքով յոյսով եւ սիրով»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2019, 09:47