Երանելի Լուիճի Մարիա Փալացցոլօ Երանելի Լուիճի Մարիա Փալացցոլօ 

Եկեղեցին մօտիկ ապագային պիտի հարստանայ նոր Սուրբերով եւ երանելիներով:

Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու սուրբերու դատի ժողովին մէկ սուրբի եւ 19 երանելիներուն հաող հրամանագիրերը:

Հինգշաբթի, 28 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ, կարդինալ Անճելօ Պեչչուն, որուն արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու, Սուրբերու դատի ժողովին, մէկ նոր Սուրբի եւ 19 նոր ելանելիներու, Աստուծոյ ծառաներուն եւ աղախիններուն հայող հրամանագիրերը:

Սուրբ Պիտի հռչակուի Երանելի Լուիճի Մարիա Փալացցոլօ: Ան ծնած է 10 դեկտեմբեր 1827-ին, Իտալիոյ Պերկամօ քաղաքին մէջ, հոգին աւանդած է առ Հայր 15 յունիս, 1886-ին:

Աստուծոյ ծառայ Օլինթօ Մարելլա: Թեմական քահանան ծնած է Իտալիա՝ 14 յունիս 1882-ին եւ վախճանած է 6 սեպտեմբեր 1969-ին:

Աստուծոյ ծառայ հայր Ճուզէփփէ Ապրոզոլի: Ան անդամ էր Յիսուսի Սուրբ Սիրտի Քոմպոնեաններուն միաբանութեան: Ծնած է Իտալիա՝ 25 յուլիս 1923-ին եւ վախճանած Ուկանտային մէջ 27 մարտ 1989ին:

Աստուծոյ ծառաներ Կաէթանօ Կիմենեզ Մարթին ու անոր աշխարական եւ քահանայ 15 ընկերները, սպաննուած իրենց դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար, Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ 1936-ին:  

Աստուծոյ ծառայ հայր Ճովաննի Ֆրանչեսքօ Մաքա: Ան ծնած է 18 յունուար 1914-ին Լեհատան եւ ուր սպաննուած է դաւանած քրիստոնէական հաւատքին համար՝ 3 դեկտեմբեր 1942-ին:

Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբերու դատի ժողովին կառավարիչին արտօնութիւն տուաւ նաեւ հրապարակելու հետեւեալ Աստուծոյ ծառաներուն եւ աղախիններուն մարտիրոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրերը:

Աստուծոյ ծառաներ,  Գերապայծառ Օվիտիօ Շարպելուա,  Գերապայծառ Միլելէ Վիթման- հայր Օլինթօ Ֆէտի, Հայր Ճագոմօ Պուլկարօ- Աստուծոյ աղախին քոյր Ճովաննա  ՄարիաՊաթթիսթա Սոլիմանին եւ քոյր Աննա Տէ Ճէզու Լոպերան 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2019, 12:15