Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ անակնկալ այցելութիւն տուաւ աղքատներու եւ անօճախներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակին մօտակայքը գտնուող աղքաներուն նուիրուած նորակառոյց օթեւանը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ողորմածութեան ուրբաթ օր ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ, ուրբաթ, 15 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, անակնկալ այցելութիւն տուաւ, աղքատներուն համաշխարհային օրուան առթիւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի մօտակայքը զետեղուած բուժարանին:  

Ունկնդրէ լուրը

Բուժարանին տուած այցելութենէն անմիջապէս ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ, այն աղքատներուն եւ անօճախներուն հետ, որոնք պիտի հիւրընկալուին, առաքելական ողորմնաբաշխութեան խնամակալութեան տակ գտնուող «Միլիորի» անուան նորակառոյց պալատէն ներս:

Ֆրանչիսկոս Պապին ընկերացած էր առաքելական ողորմնաբաշխ կարդինալ Քոնրատ Քրաժեւսքին:

Նորին Սրբութիւնը, անօճախներուն եւ աղքատներուն նուիրուած նոր կեդրոնին մէջ շրջագայելէ ետք, կեդրոնի դահլիճէն ներս հանդիպում ունեցաւ աղքատներուն հետ, մտիկ ընելով անոնց մտահոգութիւնները ու պատմութիւնները: Կեդրոնի հիւրերը ապա Նորին Սրբութեան նուիրեցին իւղաներկ մը:

Սուրբ աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխանցմամբ, աղքատներուն կեդրոնի հիւրերուն հետ հանդիպումի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապ խօսած է մնացորդացի մշակոյթին մասին,  շետշելով պատասխանատուութեան հոգիի վերակագնումի կարեւրորութիւնը՝ աղքատներուն նկատմամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրած է նաեւ կամաւորներուն պատմութիւնները, որոնք երկար տարիներէ ի վեր ընթրիք եւ կերակուր կը բաշխեն ճամբաները թափառող անտէր անօճախ եւ աղքատ մարդոց: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 10:29