Ֆրանչիսկոս Պապ .«Դարձէք սիրոյ խելագարները՝ ուրիշներուն օգնելու համար»:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 29 նոյեմբերին, յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը այցելեց Հռոմի թեմի Քարիթասի հոգածութեան տակ գտնուող բարեսիրական կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ կեդրոնի մէջ հիւրընկալուած աղքատներուն, կամաւորներուն եւ Քարիթասի գործիչներուն հետ:
Նորին Սրբութիւնը շրջեցաւ կեդրոնի բոլոր վայրերը այցելեց, Սանթա Ճիաչինդա հիւրընկալութեան կեդրոնն ու սեղանատունը, ապա կեդրոնի դահլիճէն ներս հանդիպեցաւ բարեսիրական կեդրոնի մէջ հիւրընկալուած աղքատներուն, անօճախներուն, կամաւորներուն եւ քարիթասի անդամներու հետ:
Նախ Քան Նորին Սրբութեան սրտաբուխ խօսքը, կեդրոնի մէջ գործող կամաւոր մը՝ որ իր կարգին փրկուած է ճամբաներէն խօսեցաւ եւ վկայութիւններ տուաւ իր ապրած կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն մասին, եւ որուն վկայութիւնը մեծապէս տպաւորեց Նորին Սրբութիւնը:
Կեդրոնի հիւրերուն, կամաւորներուն ուղղած սրտաբուխ խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց այն իրողութեան վրայ, որ բոլորս խոցելիներ ենք, չկայ մարդ արարած մը, որ խոցելի չէ եւ լոկ՝ մեր խոցելիութեան ճանաչումով , իրազեկ դառնալով, այն ժամանակն է ,որ կը մղուինք՝ օգնութեան փութալու՝ կարիքաւորին, մերձաւորին, աղքատին:
«Բոլորս Խոցելիներ ենք եւ Քարիթասի մէջ աշխատիլ կարենալու համար պէտէ է ճանչնալ այդ բառը եւ զայն մարմնացել մեր սիրտին մէջ»: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով « Աստուած մեզի համար խոցելի դարձաւ: Յիսուս մանուկը ծնելու համար բնակարանէ զերկ էր: Ան տառապեցաւ- հալածուեցաւ, եւ այլ երկիր գաղթեց: Յիսուս եւս աղքատ եւ գաղթական էր եւ ասոր համար կրնանք իր հետ խօսիլ առանց վախի: Կրնանք մտերիմ բարեկամութիւն մշակել Յիսուսին հետ, մեր կեանքին մէջ կրնանք իր հետ ընթանալ, որովհետեւ ունինք միեւնոյն իքնութիւնը այսինքն խոցելիներ ենք եւ Աստուծոյ կողմէ սիրուած եւ Փրկուած ենք: սա է ուղեւորութիւն զոր պէտք ենք կատարել: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ
Ան ապա շեշտեց, որ աւետարանումի միակ ուղին կը կայանայ վկայութիւն տալու մէջ, օրինակ բերելով բարի Սամարացիէն, որ կրօնաւոր չ՝ըլլալով հանդերձ, օգնութեան հասաւ՝ գողերուն կողմէ վիրաւորուած մարդուն: Նորին Սրբութիւնը ապա բարի Սամարացին նմանեցնելով խելագարի մը, սիրոյ եւ ուրիշին օգնելու խենթը, քաջալերեց, որ մենք եւս սիրոյ խենթերը դառնանք ՝ օգնութեան հասնելու համար մեզի պէս խոցելիներուն, աղքատներուն կարիքաւորներուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ