Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Թայլանտի մէջ այցելեց St. Louis մանկաբուժարանը:

1898 թուականէն ի վեր հիւանդանոցի խնամակալութիւնը յանձնուած է San Paolo di Chartres միաբանութեան մայրապետներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Թայլանտ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց St. Louis հիւանդանոցը, ուր նախ հանդիպում ունեցաւ հիւանդանոցի բժիշկներուն, հիւանդապահներու եւ պաշտօնեաներուն ապա առանձնական հանդիպում ունեցաւ կարգ մը հիւանդներուն հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Հիւանդանոցի խնամակալութիւնը յանձնուած է՝ 1898 թուականէն ի վեր,  San Paolo di Chartres միաբանութեան մայրապետներուն:

Հիւանդանոցի անձնակազմի ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ բոլոր անոնք յանձնառու են ընկալելու եւ ողջագուրելու, առիթ կը հանդիսանան խոկալու Տիրոջ մայրական դիմագիծին մասին,  Տէրը որ ծունկի կու գայ իր զաւակները օծելու եւ վերականգնելու:  Հետեւաբար Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց մայրապետներուն, բոլոր հոգեւորականներուն ինչպէս նաեւ հիւանդանոցի տնօրէնին, անոնց լռելեան եւ ուրախալի անձնուիրումին համար:

Ան ապա հիւանդանոցի անձնակազմին յանձնարարեց, որ ունենան «յատուկ գթութիւն եւ նայուածք» որ զօրակցութիւն  կը յայտնէ ուրիշին, բացուելով «անսպասելիին»՝ խնամակալութեան, ուշադրութաեան մասին կենդանի վկայութիւն տալու համար խոցելիներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 09:14