Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Նակազաքիի մէջ այցելեց նահատակներու յուշահամալիր:

Ֆրանչիսկոս Պապ Նակազաքիի նահատակներուն յուշահամալիրէն ներս յիշեց աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ հալածուած քրիստոնեաները :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 24 նոյեմբերին, Ճափոնի ժամանակացոյցով, առաւօտեան՝ 10,45-ին, Իտալիոյ ժամանակացոյցով, առաւօտեան 2,45-ին, Նակազաքիի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց նահատակներու յուշահամալիր,  ուր  աղօթք բարձրացուց առ Աստուած,  Ճափոնի մէջ նահատակուած մարտիրոսներուն ինչպէս նաեւ մեր ժամանակաշրջանին հալածուած քրիստոնեաներուն համար: Աղօթքէն ետք ֆրանչիսկոս Պապ նոյն վայրէն արտասանեց կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը, եւ այս առթիւ կատարած խորհրդածութեան սկիզբը ըսաւ  «հոս , Աւետարանին լոյսը ճառագայթեց սիրոյ մէջ, որ յաղթահարեց սուրն ու հալածանքը:

Ունկնդրէ լուրը

«Մարտիրոսները մեզի կը խօսին կեանքին յաղթանակին մասին»: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով «այս վայրը նախ եւ առաջ,  Սուրբ Զատիկը աւետող վայրն է, որովհետեւ կ՝աւետէ, թէ վերջին խօսքը չպատկանիր մահուան, այլ կը պատկանի կեանքին: Այո, հոս,  կայ մահուան եւ մարտիրոսութեան խաւարը, սակայն կ՝աւետուի նաեւ Յարութեան լոյսը, ուր մարտիրոսներուն սերմը նոր կեանքի սերմը կը դառնայ, զոր Յիսուս կ՝ուզէ պարգեւել բոլորիս:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւոր Ճափոնցի 26 մարտիրոսներուն վկայութիւնը կ՝ամրապնդէ մեր հաւատքը եւ կ՝օգնէ վերանորոգելու մեր նուիրուածութիւնն ու յանձնառումը՝ ապրիլ կարենալու համար միսիոնար առաքելութիւն մը,  որ գիտէ գործել մշակոյթի մը համար  կարող  միշտ պաշտպանելու իւրաքանչիւր կեանք, առօրեայ նահատակութեամբ,  ի սպաս բոլորին, յատուկէն կարիքաւորներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յիշելով աշխարհի զանազան վայրերու մէջ հալածուած եւ տառապող քրիստոնեաները: ըսաւ «Եղբայրներ, այս վայրին մէջ կը միանանք նաեւ այն քրիստոնեաներուն հետ, որոնք աշխարհի շատ մը վայրերուն մէջ այսօր,  կը տառապին եւ կ՝ապրին նահատակութիւնը ՝հաւատքի պատճառաւ: 21-րդ դարու նահատակներ, որոնց վկայութիւնը հրաւէր է, քաջութեամբ ընդգրկելու երանութեանն ուղին: Աղօթենք իրենց հետ եւ իրենց համար, բարձրացնենք մեր ձայնը, որպէսզի կրօնական ազատութիւնը երաշխաւորուի մոլորակ երկրի ամէն անկիւնի մէջ:

Բարձրացնենք մեր ձայնը նաեւ կրօնները շահագործումի ենթարկող արարքներուն դէմ, գործադրուած բաժանումի եւ ծայրայեղական քաղաքականութիւններով եւ շահի համակարգերով, ինչպէս նաեւ ատելութեան գաղափարապաշտութեամբ, որոնք կը խեղաթիւրեն մարդոց ճակատագիրը: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ: Ան ապա, նոյն վայրէն  արտասանեց կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2019, 10:39