Ֆրանչիսկոս Պապ «Ով որ մահը կը մոռնայ, արդէն սկսած է մեռնելու»:

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Մեքսիքոյի մէջ երիտասարդներու միջազգային 4-րդ հանդիպումի առթիւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կազմակերպութեամբ «Սքոլաս Օքուրենթեսի, Մեքսիքոյի մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու միջազգային 4-րդ հանդիպումը:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ, հինգշաբթի, 31 հոկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց հաւաքի մասնակցող երիտասարդները:

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ մահուան մշակոյթին վրայ:  Ան նշեց, թէ ով որ մահը կը մոռնայ արդէն իսկ ներսդին մեռնելու սկսած է: Ան ապա մահուան իմաստին մասին խօսելով հաստատեց  թէ «մահն է, որ թոյլ կու տայ որ կեանքը կենդանի մնայ:»  

Նորին Սրբութիւն նշեց, թէ գիրքին մը վերջաբանն է, որ թոյլ կու տայ պատմութիւնը գրելու եւ  նկարագրելու պատկեր մը, որուն մէջ կը ողջագուրուին երկու մարմիններ:

Ան  ապա կ՝ընդգծէ թէ,  բան մը վերջ չգտներ, լոկ իր աւարտին հասնելու մէջ: Պէտք է ուշադրութիւն ընել, առօրեայ կեանքի մէջ իր աւարտին հասած իւրաքանչիւր փոքրիկ իրադարձութիւններուն:  

Ամէն մէկ պատմութիւն կարելի է  հասկնալ, լոկ իւրաքանչիւր բառի, լռութեան եւ իւրաքանչիւր էջի գրութեան աւարտին:

Եւ Լոկ այդ  պահերուն գիտակից կեանք մը,  կեանքը կրնայ լիանալ, եւ այնպէս մը ընել, որ այդ պահերը յաւերժական դառնան:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել կու տայ, որ մահը մեզի կը յիշեցնէ, ամէն բան հասկնալու եւ ըմբռնելու անկարողութիւնը:

Մահը հարուած մըն է, մեր ամենակալ ըլլալու խաբկանքին:

Մահը, կեանքին մէջ կը մեզի  սորվեցնէ յարաբերիլ խորհուրդին հետ :Մահը մեզի կ՝ուսուցանէ ,թէ յաւերժ եւ առ յաւիտեան կայ մէկը՛ որ մեզ կը զօրակցի: Վերջաւորութեան սկիզբնը ու վերջը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ցոյց կու տայ, թէ կան երեք տարբեր մահեր, որոնցմէ  դատարկուելով մեր կեանքը կը լիանայ:  Իւրաքանչիւր պահու մահ, եսասիրութեան մահ եւ աշխարհի մը մահ, որ նոր աշխարհ յառաջացնելու թոյլ կու տայ:  Հետեւաբար եթէ մահը չունի իր վերջին խօսքը, որովհետեւ՝ կեանքին մէջ ուրիշին համար մեռնիլ սորվեցանք: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամի աւարտին:

Նշենք, թէ Մեքսիքոյի մէջ կայացած երիտասարդներու միջազգային հանդիպումի կազմակերպուած է Սքոլաս Օքուրենթեսի կողմէ:

Հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 60 երկիրներէ ժամանած 250 ներկայացուցիչներ:

Սքոլաս Օքուրենթես կազմակերպութիւնը քահանայապետական իրաւասութիւն վայելող միջազգային կազմակերպութիւն մըն է-  հիմնուած ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ :Ան  ներկայ է աւելի քան 190 երկիներուն մէջ:

Կազմակերպութեան մաս կը կազմեն աւելի քան 500, 000 դպրոցներ  կրօնական տարբեր դաւանանքներու կրթական ցանցեր,  ըլլայ հանրային ըլլայ սեփական:

Կազմակերպութեան  նպատակն է զարգացնել հանդիպումի մշակոյթը՝ խաղաղութեան ի նպաստ կրթութեան միջոցաւ:   

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2019, 10:31