Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամը Ֆրանսայի մէջ խորանի սպասաւորներուն:

Խորանի սպասաւորութեամբ առիթ ունինք Յիսուսը աւելի շատ սիրելու:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 12 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Ֆրանսայի մէջ խորանի սպասաւորնեը, հրաւիրելով զանոնք մասնակցելու,  24-էն- 28 օգոստոս 2020-ին, Հռոմի տեղի ունեցող ուխտագնացութեան, կազմակերպուած տեղական եկեղեցւոյ կողմէ:   

Ունկնդրէ լուրը

«Տէրը ձեզ կանչած է, Անոր  ծառայելու համար, Սուրբ Պատարագի արարողութեան ընթացքին: Ուխտագնացութիւնը ձեւ մըն է, Տիրոջ աւելի շատ սիրելու եւ Անոր հետ աւելի յանձնառու դառնալու:

Սուրբ Պատարագի արարողութեան սպասաւորելէ ետք բոլորս կանչուած ենք , Յիսուսին ծառայելու մեր առօրեայ կեանքէպ ներս՝ մեր եղբայրներուն, քոյրերու հետ հանիդպումի միջոցաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խորանի սպասաւորներուն նկատել տուաւ որ իրենք  Հռոմի մէջ առիթ պիտի ունենան այցելելու Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի դամբարանները, որոնք  յոյս եւ քաջութիւն կը ներշնչեն  յարատեւելու առօրեայ յանձնառութիւններուն մէջ, հակառակ  կեանքի   խոչընդոտներուն եւ հակասութիւններուն:

Նորին Սրբութիւն ապա նկատել կու տայ որ ուխտագնացութիւնը առիթ է նաեւ այլ երիտասարդներուն հետ հանդիպելու,  որոնք կը մատուցեն միեւնոյն ծառայութիւնը,  յորդորելով սպասաւորները որ իրենց կարգին հրաւիրեն խորանի սպասաւորութեան մէջ ներգրաւուած այլ երիտասարդները, ընդգծելով որ միայնակ քրիստոնեաներ չենք, պէտք է միասնաբար  յառաջ ընթանաք որովհետև միասնութեան մէջ ,  ամէնքս միասին աւելի զօրեղ եւ քաջարին ենք: ըսաւ սրբազան Պապը: Ան եզրափակած է պատգամը խնդրելով որ աղօթեն իրենց համար որուն շատ կարիքը ունի:   

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2019, 08:50