Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Լուրտի ուխտաւորներուն՝ աղքատներուն միջազգային 3-րդ օրուան առթիւ:

Սէրը աշխարհը կը փրկէ: Աստուած կ՝ուզէ, որ մեր միջոցաւ աշխարհի փրկէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 14 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց աղքատներուն միջազգային 3-րդ օրուան առթիւ կազմակերպուած,  Լուրտի ուխտագնացութեան մասնակիցները:

Պատգամին մէջ Սրբազան հայրը ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ

Հոս՝  Լուրտի մէջ , հիւրընկալողը Մարիամն է: Ան է Անարատ Յղութիւնը: Մեզի համար բարի լուր է, որ մենք մեզ  իբրեւ աղքատները կը  ճանչնանք : Ինչ որ Աստուած իմաստուններուն թաքցրեց,  զայն փոքրիկներուն յայտնեց:  Աստուած իւրաքանչիւր անձին կ՝ուզէ յայտնել իր անուշ ներկայութիւնը:   

Ֆանչիսկոս Պապ ապա խօսքը ուղղելով աղքատներուն, մեկուսացեալներուն, լքուածներուն, անօճախներու, իրենց հայրենիքէն գաղթողներուն, անոնց  վստահեցուց ըսելով « Աստուած ձեզ կը սիրէ, Աստուած յատուկէն ձեր աղօթքները կը լսէ: Աշխարհը կը տառապի, Տէրը  ձեր աղօթքն որ կը լսէ:  

Սրբազան Հայրը Ապա յորդորեց աղօթել եւ Տիրամօր դիմել:  Աստուածամայրն է, որ Եկեղեցւոյ դռները կը բանայ : Ան է որ Սուրբ Հոգին ամբողջութեամբ ընկալեց: Տիրամայրը մեզ Յիսուսը  պարգեւեց եւ դէպի Տէրը առաջնորդողն է :

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, ապրիլ Սուրբ Խորհուրդները: Եկեղեցին մեզի կ՝առաջարկէ խորհուրդները ապրիլ, որովհետեւ անոնք պարգեւներ են:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց մօտենալ խոստովանանքի խորհուրդին, ներողութեան խորհուրդին որուն մէջ Աստուած  մեզի ցոյց կու տայ իր քնքշութիւնը եւ որուն միջոցաւ մեզ կ՝ազատագրէ:

Քաջալերեց ապրիլ Սուրբ հաղորդութիւնը՝ Աստուած մեր մարմինին եւ հոգիին մէջ ընկալելու համար: Աստուած է որ կը պարգեւէ   հաւատքն ու ուրախութիւն:

Նորին Սրբութիւն խրախուսեց ապրիլ եղբայրսիրութիւնը հայցելով Սուրբ Հոգիէն, որ մեզի ներշնչէ եղբայրսիրական արարքներ եւ  բարի գործեր:

Սէրը աշխարհը կը փրկէ: Աստուած կ՝ուզէ, որ մեր միջոցաւ աշխարհի փրկէ:

Վերջապէս Ֆանչիսկոս Պապ քաջալերեց  մեր շրջապատէն ներս Աստուծոյ վկաները դառնալ:  Խնդրեց, որ Աշխարհին պատմենք մեր գանձը ՝ Յիսուսը:

Ան պատկերասփռուած պատգամը աւարտեց շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւն ներեր  Լուրտի բոլոր ուխտաւորներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2019, 09:51