Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Վիեթնամի կաթողիկէ երիտասարդներուն:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Վիեթնամի հիւսիսային շրջանի թեմի կողմէ կազմակերպուած «երիտասարդներուն օր» հաւաքի մասնակիցները: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց հաւաքի մասնակցող երիտսարդներուն բարձր թիւին համար, գոհութիւն յայնտելով Աստուծոյ սոյն առիթը ընծայելուն համար:
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր պատգամը կեդրոնացուց «տուն» բառին վրայ, նշելով որ Վիեթնամի մշակոյթին մէջ տուն բառը հիանալի բառ մըն է, բառ մը որ կը խորհրդանշէ ընտանիք, ազգականը , հայրենիք եւ ծննդայավայր:
Նորին Սրբութիւն ապա նկատել տուաւ որ երիտասարդները ունին այլ տուն մը, որ է եկեղեցին: »Իբրեւ մկրտեալներ ունիք այլ տուն մը: Բախտաւոր ենք որ ծնած ենք եկեղեցւոյ ծոցէն: Լուսաւոր վկայութիւններով հարուստ եկեղեցի: Ան ապա յիշեց Վիեթնամի սուրբ մարտիրոսները: Յիշեց պատերազմի հետեւանքով տառապած մեծ հայրերն ու մայրերը, որոնք ամէն ինչ կորսնցուցին բացի իրենց հաւատքէն, եւ այդ զօրաւոր հաւատքը իբրեւ ժառանգ ձգեցին Վիեթնամի զաւակներուն:
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Վիեթնամի մէջ եկեղեցին ծնունդ առած է վեհանձն միսիոնարներէն: Ան յիշեց Յիսուսեան միաբանութեան միսիոնար Ալէքսատնր Տէ Ռոտեսի խօսքը Կաթողիկէներ անոնք են որոնք մէկը միւսին կը սիրեն: Կաթողիկէութիւնը Սիրոյ կրօնքն է:
Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ Վիեթնամի մէջ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն կը կազմեն: Սակայն վիեթնամի մէջ կայ մեծամասնութիւն մը որ իրաւունք ունի եւ կը սպասէ աւետարանի աւետիսը ունկնդրելու, ընդգծելով որ երիտասարդներուն պարտականութիւնն է երիտասարդ եկեղեցի կառուցել, ուրախ եւ եղբայրասէր տուն մը:
Եւ այս պարտականութիւնը կատարելու համար ֆրանչիսկոս Պապ թելադրեց երեք կէտեր, պարկեշտութիւն պատասխանատուութիւնն եւ լաւատեսութիւն նշելով որ այս երեք արժանիքներուն է որ պէտք ունի Վիեթնամի ընկերութիւնն ու եկեղեցին:
Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց երիտասարդներդ չվախնալու իրենց կաթողիկէ ինքնութիւնը ցոլացնելէ: յորդորեց իբրեւ տիպար ունենալ Աստուծոյ ծառայ Կարդինալ Վան Թուանէն, յոյսի մեծ վկան:
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտեց մաղթելով որ երիտասարդներուն օրը բոլորին համար հանդիսանայ կրօնական մշակութային ուխտագնացութիւն մը: Ան խրախուսեց երիտասարդներ որ սիրեն իրենց տունը. Իրենց ընտանիքն ու հայրենիքը: Եղէք իսկական վիեթնամցիներ, հայրենասէր երիտասարդներ
Թող Տէրը օրհնէձեզ : Բարի օր, մի մոռնաք ինծի համար աղօթելու: Cha Chào Chúng: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ