Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Վիեթնամի կաթողիկէ երիտասարդներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց տուն բառին վրայ նկատել տալով , որ ունինք այլ տուն մը՝ եկեղեցին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 19 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամով մը ողջունեց Վիեթնամի հիւսիսային շրջանի  թեմի կողմէ կազմակերպուած «երիտասարդներուն օր» հաւաքի մասնակիցները: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց հաւաքի մասնակցող  երիտսարդներուն բարձր  թիւին համար,  գոհութիւն յայնտելով Աստուծոյ սոյն առիթը  ընծայելուն համար:  

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  իր պատգամը կեդրոնացուց «տուն» բառին վրայ, նշելով որ Վիեթնամի մշակոյթին մէջ տուն բառը հիանալի բառ մըն է, բառ մը որ կը խորհրդանշէ  ընտանիք, ազգականը ,  հայրենիք եւ ծննդայավայր:

Նորին Սրբութիւն ապա նկատել տուաւ որ երիտասարդները ունին այլ տուն մը, որ է եկեղեցին: »Իբրեւ մկրտեալներ ունիք այլ տուն մը: Բախտաւոր ենք  որ ծնած ենք եկեղեցւոյ ծոցէն: Լուսաւոր վկայութիւններով հարուստ եկեղեցի:  Ան ապա  յիշեց Վիեթնամի սուրբ մարտիրոսները: Յիշեց պատերազմի հետեւանքով տառապած  մեծ հայրերն ու մայրերը,  որոնք ամէն ինչ կորսնցուցին բացի իրենց հաւատքէն,   եւ այդ զօրաւոր հաւատքը իբրեւ ժառանգ ձգեցին Վիեթնամի զաւակներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ  նշեց որ Վիեթնամի մէջ եկեղեցին ծնունդ առած է վեհանձն միսիոնարներէն:  Ան յիշեց Յիսուսեան միաբանութեան  միսիոնար Ալէքսատնր Տէ Ռոտեսի խօսքը Կաթողիկէներ անոնք են որոնք մէկը միւսին կը սիրեն:  Կաթողիկէութիւնը Սիրոյ կրօնքն է:  

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ Վիեթնամի մէջ քրիստոնեաները  փոքրամասնութիւն կը կազմեն:  Սակայն վիեթնամի մէջ  կայ մեծամասնութիւն մը որ իրաւունք ունի եւ կը սպասէ  աւետարանի  աւետիսը ունկնդրելու,  ընդգծելով որ երիտասարդներուն պարտականութիւնն է  երիտասարդ եկեղեցի կառուցել,   ուրախ եւ եղբայրասէր տուն  մը:  

Եւ այս պարտականութիւնը կատարելու համար ֆրանչիսկոս Պապ թելադրեց երեք կէտեր,   պարկեշտութիւն պատասխանատուութիւնն եւ լաւատեսութիւն  նշելով որ այս երեք արժանիքներուն է որ  պէտք ունի Վիեթնամի ընկերութիւնն ու եկեղեցին:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց երիտասարդներդ չվախնալու իրենց կաթողիկէ ինքնութիւնը ցոլացնելէ: յորդորեց իբրեւ տիպար ունենալ  Աստուծոյ ծառայ Կարդինալ Վան Թուանէն, յոյսի մեծ վկան:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտեց մաղթելով որ երիտասարդներուն օրը բոլորին համար հանդիսանայ կրօնական մշակութային ուխտագնացութիւն մը:  Ան խրախուսեց երիտասարդներ որ սիրեն իրենց տունը. Իրենց ընտանիքն ու հայրենիքը: Եղէք իսկական վիեթնամցիներ,  հայրենասէր երիտասարդներ

Թող Տէրը օրհնէձեզ : Բարի օր,  մի մոռնաք ինծի համար աղօթելու: Cha Chào Chúng: ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2019, 06:00