Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան 9-րդ փառատօնին առթիւ։

Աղքատները, ընկերութեան եզրին գտնուողները, չառաշահումի զոհերը անտեսելը՝ խնդիրներէն խուսափելու ամենաարագ միջոցն է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Իտալիոյ Վերոնա քաղաքի մէջ, 21-24 հոկտեմբերին, տեղի կ՝ունենայ եկեղեցւոյ վարդապետութեան 9-րդ փառատօնը։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը ուղղեգ «Ներկայ ըլլալ, ընկերային բազմաձայնութիւն» նիւթով նշեալ փառատօնին մասնակիցներուն։ Պատգամին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք փառատօնի մասնակիցները, ակնարկելով փառատօնին նիւթին, խօսքը կեդրոնացուց ներկայ ըլլալու իմաստին վրայ ։ Ան նշեց, թէ ներկայութիւնը առարկայական եւ շօշափելի իրողութիւն է, որ երջանկութիւն կը ներշնչէ։ Ան ապա նկատել տուաւ, որ ներկայութիւնը կ՝արտայատուի մօտիկութեամբ, բաժնեկցութեամբ, ընկերակցութեամբ, կամ պարզապէս մէկու մը կողքին նեցուկ գտնուելով։

Ունկնդրէ լուրը

Ներկայ ըլլալ կը նշանակէ նաեւ բաց պահել մեր աչքերը, որպէսզի ոչ մէկը բացառուած մնայ մեր հայեացքէն, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ անտեսուածներուն մաս կը կազմեն, աղքատները, ընկերութեան եզրին գտնուողները, չառաշահումի զոհերը. զանոնք անտեսելը՝ խնդիրներէն խուսափելու ամենաարագ միջոցն է։

Ներկայ ըլլալ կը նշանակէ նախաձեռնել , առաջին քայլ կատարել, դէմ յանդիման գալ, կը նշանակէ հասնիլ ուղիներուն խաչմերուկին՝ ուր բացառուածները ներկայ են։
Վերջապէս Ներկայ գտնուիլ կը նշանակէ տեսնել, կանգ առնել եւ դպչիլ։ Ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով որ երբ անձ մը կը սիրենք, կանգ կ՝առնենք՝ անոր կողքին մնալու համար։

Ներկայութիւնը է նաեւ դպչիլ, խնամք տանիլ, եւ ջերմութիւն փոխացնել։Այս իմաստով հասկցուած ներկայութիւնը մեղմ եւ  երխօսող է եւ հասանելի  բոլորին։ Հարցերը լուծելու համար պէտք չէ, որ զօրաւոր մարդիկ ըլլանք, այլ պէտք է միացած մնանք, անտարբերութեան փորձութեան մէջ չ՝իյնալու համար։

Իւրաքանչիւր անձ իր սեփական կարողութիւններով եւ ձիրքերով կարող է եղբայրութեան կառուցողներ դառնալ։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը, Ան ապա եզրափակեց պատգամը մաղթելով բոլորին, որ դառնան ընկերային հիւսուածքի մը ասեղնագործները, ուր ներկայութիւնը՝ եղբայրութիւնը ցոլացնող պարգեւ մը կը դառնայ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2019, 20:30