Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լիթուանիոյ հանրապետութեան նախագահ Վսեմաշուք Տիար Կիթանաս Նուազէտան:

Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլոնին հետ ընկերակցութեամբ Վատիկանի պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 8 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց թէ այսօր 8 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց Լիթուանիոյ հանրապետութեան նախագահ Վսեմաշուք Տիար Կիթանաս Նուազէտան:

Նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլոնին հետ ընկերակցութեամբ Վատիկանի  պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու բաժանմունքի քարտուղար Գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակեր:

Սուրբ Աթոռին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ որ Վերոյիշեալ հանդիպումները տեղի ունեցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին քննարկումի նիւթ եղած է երկու պետութիւններուն միջեւ երկողմանի բարի յարաբերութիւնները, Լիթուանիոյ մէջ ընկերութենէն ներս Եկեղեցւոյ սատարած նպաստը::

Շօշափուած են նաեւ երկու պետութիւնները հետաքրքրող նիւթեր՝ հայող  ընտանիքի, հիւրընկալութեան եւ ընկերային արդարութեան զարգացման:  Քննարկուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային  գետնի վրայ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հայող հարցեր, ընդգծելով Եւրոպական երկիրներու միջեւ յաւելեալ զօրակցութեան կարեւորութիւնը , դիմագրաւելու համար Եւրոպան  յուզող կարգ մը խնդիրներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 08:52