Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրները դէպի թայլանտ ճամբորդութեան ընթացքին

Ֆրանչիսկոս Պապ դէպի Թայլանտ թռիչքի ընթացքին հեռագիրներ ուղղեց օդայյին տարածքներէն անցած պետութիւններուն ղեկաւարներուն:

Երեքշաբթի,  19 նոյեմբերին, երեկոյեան, Հռոմի միջազգային օդակայանէն Ֆրանչիսկոս Պապ քահանայապեական թռիչքով մեկնեցաւ Թայլանտ:

Օդանաւին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ Իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն ողջոյնի խօսքին մէջ ըսաւ «բարի իրիկուն: շնորհակալ եմ, ինծի  ընկերանալուդ համար, շնորհակալ եմ ձեր աշխատանքին համար:

Ապա սովորութեան համաձայն ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիրներ ուղղեց,  թռիչքով օդային տարածքներէն  անցած պետութիւններուն  ղեկավարներուն

Նորին Սրբութիւնը դէպի Թայլանտ փոխադրող քահանայապետական թռիչքը անցաւ  13 երկիրներուն օդային տարածքներէն:

Այդ երկիրներուն նախագահներուն ուղղած  հեռագիրներուն մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր աղօթքը ապահովեցուց  ազգերու  խաղաղութեան եւ եւ բարգաւաճման համար:

Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլային ուղղած հեռագիրին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նշած է,  թէ  դէպի Ասիական ցամաքամաս առաքելական ճամբորդութեամբ  կը փափաքի հանդիպիլ  այդ երկիրներուն հաւատացեալներուն եւ բնակիչներուն հետ:

Նորին Սրբութիւն ապա իր բարեմաղթութիւններն ու ողջոյնները փոխանցելով Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահին եւ ժողովուրդին ան խաղաղութիւն եւ անդորրութիւն մաղթած  համայն Իտալիոյ ժողովուրդին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2019, 10:34