Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ նախագահեց «Ռացինկեր» մրցանակի տուչութեան արարողութեան:

Ռացինկեր մրցանակին արժանացան Եկեղեցւոյ աւետարանումի առաքելութեան սատար հանդիսացած երկու անձնաւորութիւններ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 9 նոյեմբեր, 2019-ին, կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենինթա անուան դահլիճէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը նախագահեց ՜՜Ռացինկեր՝՝ մրցանակի տուչութեան արարողութեան:

Ունկնդրէ լուրը

Ռացինկեր մրցանակին արժանացան, եկեղեցւոյ աւետարանումի առաքելութեան  սատար հանդիսացած  Փրոֆ Շարլ Թայլոր եւ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Փոլ Պէրէն:

Այս առթիւ արտասանած ճառին  սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ նախ իր գնահատանքն ու գորովը յայտնեց վաստակաւոր Պենետիկտոս ԺԶ Պապին,  եկեղեցւոյ  ծառայութեան ծիրէն ներս, բարի օրինակ հանդիսանալուն  համար: Վաստակաւոր Պապը իր ուսմունքներով  մեզի ցոյց տուած է, թէ  աղօթելով, խոկալով, ունկնդրելով եւ ուսումնասիրելով է, որ հաւատքը միշտ կենսունակ կը մնայ եւ երկխօսութեան մէջ կը մտնէ ժամանակից  մշակոյթին ու աշխարհին հետ:

ֆրանչիսկոս Պապ  ապա ընդգծեց թէ Աստուածաբանութեան պարտականութիւնն է մշակոյթներուն հետ երկխօսութիւն հաստատել եւ կարեւորագոյն պայմաններէն մին է, Քրիստոնէական հաւատքի կենսունակութեան համար ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ աւետարանումի առաքելութեան համար, որոնց ծիրէն ներս սատար հանդիսացած են Ռացինկեր մրցանակի արժանացողները:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Ռացինկեր մրցանակին արժանացող  Փրոֆ Թայլորին, նշեց թէ ան իր կեանքին ընթացքին իր սիրտն  ու հոգին նուիրեց աշխարհականացումի  երեւոյթը հասկնալու համար,  որ մեծ մարտահրաւէր  մըն է ըլլայ եկեղեցւոյ ըլլայ Աստուծոյ բոլոր հաւատաւորներուն համար: 

 Ինչ կը  հայի Ռացինկեր մրցանակի արժանացող երկրորդ անձին Հայր Փոլ Պէրէին, ֆրանչիսկոս Պապ նշեց,  թէ ան Ափրիկեցի առաջին անձն է որ կ՝արժանանայ Ռացինկեր մրցանակին եւ Սուրբ Գրային ուսումնասիրութիւններուն մէջ բարձ գնահատելի ուսումնասէր մըն է :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա իր երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր  անոնց որոնք Ափրիկէի մէջ յանձնառու են Աւետարանի մշակոյթը տարածելու մէջ, ընդգծելով որ Ափրիկէի մէջ Աստուածաբանութիւնը  տակաւին շատ երիտասարդ է ինչպէս նաեւ զօրեղ եւ հարուստ,  որուն տիպար հանդիսացած է Հայր Փոլը՝ սուրբ Գիրքի մեկնաբանական գործերով :

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր ճառը նկատել տալով Ռացինկեր մրցանակի արժանացող երկու անձերը կու գան եւ կը պատկանին երկու տարբեր վայրերէ ու  մշակոյթներէ սակայն անոնք կը կիսեն միեւնոյն  պատգամը, որ  է տարբեր մշակոյթներու, վայրերուն եւ ժամանակներուն մէջ պէտք է միշտ որոնել եւ գտնել դէպի Աստուած առաջնորդող ուղին, ինչպէս նաեւ Քրիստոսին հետ հանդիպումի տանող ուղին: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 12:27