Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի կազմակերպած համագումարի մասնակիցներուն:

Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ իր կեանքին մէջ մեկնաբան է Աստուծոյ կամքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 9 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց  Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի կողմէ կազմակերպուած. «Եկեղեցի, երաժշտութիւն, մեկնաբաններ.անհրաժեշտ երկխօսութիւն մը» խորագիրով միջազգային 3-րդ համագումարի մասնակիցները:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ եւ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք համագումարի մասնակիցներուն, մաղթեց որ համագումարի աշխատանքները բեղուն եւ արդիւնաբեր դառնան Աւետարանին, ծիսական կեանքի եւ եկեղեցւոյ  ու մշակոյթի ի սպաս ծառայութեան համար:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ընդհանուր ակնարկ կատարեց համագումարին նիւթին, Ան  զրուցեց երաժշտութեան բարի մեկնաբաններուն մասին, նշելով որ բարի եւ որակաւոր մեկնաբան մը կը կազմաւորուի եւ աշխատանք կը տանի պարգեւել կարենալու համար երաժշտութեան գեղեցկութիւնը, ծիսական միջավայրէն ներս-  երաժշտութեան մեկնաբանութեամբ  ամբողջացուցած  կ՝ըլլայ իր ծառայութիւնը:  

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ նաեւ որ երաժշտութեան մեկնաբանը շատ բաներ կը կիսէ սուրբ գիրքի ուսումնասիրողի հետ, ինչպէս նաեւ անոնց հետ որոնք նշանները կը մեկնաբանեն: Ան նշեց թէ Իւրաքանչիւր Քրիստոնեայ իր կեանքին մէջ  մեկնաբան է Աստուծոյ կամքին:

Նորին Սրբութիւն ապա յիշեց Սուրբ Պօղոս Զ Պապին արուեստագէտներուն յղած ճառէն հատուած մը:  

Ձեր արհեստն ու ձեր առաքելութիւնը կը կայանայ  երկինքի հոգիին գանձերը ըմբռնելու մէջ եւ  զանոնք ներկայացնել  իրենց ձեւերով, խօսքերով ու գոյներով:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը մաղթելով իւրաքանչիւրին ուղեւորութեան համար  որ միշտ աւելիով դառնան Աւետարանի եւ Աստուծոյ գեղեցկութեան մեկնաբաններ: Ան  ապա շնորհելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2019, 12:11