Որոնել

Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին Կարդինալ Փիեթռօ Փարոլին 

Ֆրաչնիսկոս Պապի պատգամը Մոնրէալի Փրոթոքոլի մասնակիցներու 31րդ հանդիպումին առիթով

Սրբազան Հայրը իր պատգամը հիմնականին կʼառընչէ իր «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մոնրէալի Փրոթոքոլի մասնակիցներու 31րդ հանդիպումին առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը ուղղած է ողջունելով հանդիպումի մասնակիցները։ Սրբազան Հայրը նկատած է, թէ մօտ 35 տարիներ անցած են այն օրէն, երբ առաջին անգամ ըլլալով Վիեննայի մէջ ստորագրուեցաւ միջազգային պարտաւորիչ առաջին պայմանադրութիւնը՝ որուն նպատակն էր պաշտպանել օզոնի խաւը։ Այդ պայմանագիրը, ստորագրուած 1985ի մարտի 22ին, Միացեալ Ազգերու առաջինն էր, որ գտած էր վաւերացում ազգերու ամբողջ ընտանիքի կողմէ, որուն թիւը ասօր կը հասնի 197ի։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատանքով յիշած է, թէ այս 35 տարիները տուած են դրական արդիւնքներ։ Շատ մը գիտական ուսումնասիրութիւններ կը վկայեն թէ օզոնի խաւը աստիճանաբար կը նուազի։ Ապա ան կը կենդրոնանայ երեք կէտերու վրայ, զանոնք կը նկատէ դասեր՝ քաղուած այս 35 տարիներու փորձառութենէն։

Սրբազան Հայրը իր պատգամը հիմնականին կʼառընչէ իր «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին։

Առաջին կէտին մէջ ան կը նկատէ, թէ կարիքը կայ շեշտելու եւ գնահատելու թէ ինչպէս վերջին տարիներու այս շարժումը իրականացաւ զանազան բաժանմունքներու բերրի համարգործակցութենէն՝ մասնակցութեամբ գիտական հասարակութեան, քաղաքական աշխարհի, տնտեսական եւ ճարտարարուեստական դերակատարներուեւ քաղաքային հասարակութեան։

Այս համագործակցութիւնը ցոյց տուաւ, թէ մենք ինչպէս կարող են հասնիլ կարեւոր արդիւնքներու, որոնք կարելի կը դարձնեն պահպանել արարչագործութիւնը, խթանել մարդկային համապարփակ զարգացումը եւ հոգ տանիլ հասարակաց բարիքին՝ պատասխանատու զօրակցութեան հոգիով։

«Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն մէջբերումներ կատարելով, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտած է ճարտարարուեստի օգտագործումին վրայ՝ կատարուած դրական նպատակներու հասնելու։

Երկրորդ կէտին մէջ, Սրբազան Հայրը նկատած է, թէ մշակութային մարտահրաւէրը չի կրնար դիմագրաւուիլ լոկ հիմնուած ճարտարարուեստի մը վրայ, որ կը ներկայանայ իբր միակ ճանապարհ խնդիրներու լուծման։

Յիշելով 2016 տարւոյն Քիկալիի մէջ կատարուած բարեփոխումը, Սրբազան Պապը նկատած է, թէ անոր նպատակն է արգիլել տարրեր, որոնք ինքնին վնաս չեն հասցներ օզոնի խաւին, սակայն կʼազդեն մթնոլորտի տաքացման։ Ան կարեւոր կը նկատէ որ այդ որոշումը գտնէ միջազգային վաւերացում։

Երրորդ կէտին մէջ Սրբազան Պապը շեշտած է թէ մեր հասրակաց տան հոգատարութեան մէջ պէտք է նկատի առնենք որ ամէն ինչ իրարու հետ առընչուած է, ինչպէս մթնոլորտի ջերմացումը եւ օզոնի խնդիրը։

Վերջապս Սրբազան Հայրը կը նկատէ. «Մենք կʼապրինք պատմական պահ մը, որ բնորոշուած է մարտահրաւէրներով։» Զարգացումի եւ արագաքայլ յառաջդիմութեան մէջ պէտք է նկատի առնել, թէ ի՛նչքանով ներկայի փոփոխութիւնները կը նպաստեն մարդկային համապարփակ զարգացումին, եւ թէ անոնք ո՛րքանով կը վնասեն մարդու կեանքի որակին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2019, 13:28