Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց ԼՈՒՄՍԱ համալսարանի դասատուներն ու աշակերտները:

Եւրոպան համալսարաններու օրրանն է :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 14 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց ԼՈՒՄՍԱ համալսարանի ղեկավարներուն, դասատուներուն ու սաներուն,  համալսարանի հիմնադրութեան 80 ամեակի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց համալսարանի հիմնադրութեան 80 ամեակը,  նշելով որ համալսարանը ծնունդ առած էր,  ընդառաջելու համար,  այն ժամանակուան կարիքներուն որոնք մինչեւ այսօր այժմէական են , որոնց շարքին, ուսուցիչներուն կազմաւորումը, յատուկէն ուսուցչուհիներունը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա համասպրանի ոլորտէն ներս իբրեւ տիպար յիշեց  իր օրերուն հռչակուած սուրբեր, Սուրբ Պօղոս Զ Պապն ու Ժոն Հէնրի Նիւմանը, «երկու հովիւներ, որոնք ապրեցան համալսարանը ու իրենց հովուական ծառայութեան յանձնառումով առաջադրեցին համալսարանական  խիղճ, համալսարանականգաղափար:» ըսաւ Ան ու աւելցուց  համալսարան բառը կը նշանակէ,  գիտելիքներուն համադրումը, եւ ճշմարտութեան որոնում:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ համալսարանը կ՝ենթադրէ ոչ միայն կազմաւորումի յանձնառում այլ նաեւ դաստիարակչական, որ մեկնելով անձէն, կը հասնի անձին: Անընդհանուր ակնարկ կատարեց համալսարաններուն ստանձնած պատասխանատուութիւններուն.  մշակութային,  միսիոներական,  ընկերային ինչպէս նաեւ միջհամալսարանական պատասխանատուութիւններ: Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթեց որ համալսարանները,  Ճշմարտութեան, ազատութեան , բարիքի  հեռանկարներով կարենան  շնորհել կազմաւորում մը, ուր լայն տեղ կը գտնէ անձին համապարփակ կազմաւորումը: Ան ապա դիտել տալով որ  Եւրոպան եղած է համալսարաններու օրրան , քաջալերեց ԼՈՒՄՍԱ համալսարանի տնօրէնութիւնը, համագործակցելու այլ համալսարաններուն հետ, յատուկէն կաթողիկէ համալսարաններու հետ ,որպէսզի ստեղծուի արդիւնաբեր համագործակցութիւն , փոխադարձ օժանդակութիւն,  իրականացնելու համար դաստիարակչական  ծրագիրներ նպատակաուղղուած մտաւորական եղբայրսիրութեան , որ միշտ կը պաշտպանէ ճշմարտութիւնը եւ երբեք չի բաւարարուիր միջակութենէն: Ան խրախուսեց  համալսարանի դասատուները, աշակերտները, պատասխանատուները իրենց սիրտերն ու միտքերը միշտ բաց պահելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց այցելով Տիրամօր հովանին եւ փոխանցելով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2019, 13:30