Որոնել

Ցորէն Ցորէն 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը «սնունդի համաշխարհային ծրագիր» կոմիտէի տնօրէնին

Մնացորդաց մշակոյթին դէմ պայքարի պատասխանատուութիւնը տրուած է ոչ միայն միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն, այլեւ ընտանիքներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 18 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց «սնունդի համաշխարհային ծրագիր»ի գործադիր կոմիտէի ընդհանուր տնօրէն, տիար Տաւիտ Պէզլէյին, կոմիտէի սովորական երկրորդ նստաշրջանին բացման առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով նշեալ կոմիտէի հետապնդած նպատակներուն ու ծրագիրերուն, որոնց շարքին նաեւ շրջանցել սնունդի մսխումի երեւոյթը, այս վերջինը նկատելով օրէ օր առ աւելի մարդոց խիղճին դպչող ծանր բեռ:

Նորին Սրբութիւնը ապա նամակին մէջ նշած է, որ աշխարհի շատ մը վայրերուն մէջ բազմաթիւ եղբայրներ եւ քոյրեր հնարաւորութիւն չ՝ունին բաւարար սնունդ ունենալու, մինչ այլ վայրերուն մէջ կերակուր կը թափուի եւ կը մսխուի այս մէկը նկատելով հակասական երեւոյթ, որուն հիմքն է անձնասիրութիւնն ու մնացորդացին մշակոյթը, գրած է ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով թէ առան այդ երեւոյթին դէմ պայքարի,  չէ կարելի յարգել Փարիզի կլիմայի փոփոխութեան հայող համաձայնագիրներն ու անոր նման այլ պետական պայմանագիրներ:

Նորին Սրբութիւն նամակին մէջ նշած է նաեւ , որ մնացորդաց մշակոյթին դէմ պայքարի պատասխանատուութիւնը տրուած է ոչ միայն միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ պետութիւններուն, այլեւ ընտանիքներուն, դպրոցներուն, հաղորդամիջոցներուն ,դիտել տալով,  որ մսխումի մշակոյթին ամենէն շատ թիրախ են աղքատներն ու խոցելիները:

Ան ապա ակնարկելով մնացորդացի մշակոյթի դէմ պայքարի ոլորտէն ներս, «սնունդի համաշխարհային ծրագիր» կոմիտէի ձեռնարկած ծրագիրներուն հաստատած է  թէ,  եթէ կը փափաքինք կառուցել ապագայ մը,  ուր՝ ոչ մէկ անձ ետեւ կը մնայ, պէտք է ստեղծել ներկայ մը, որ արմատապէս կը մերժէ սնունդի մսխումը: Այս շրջագիծէն ներս, գրած է ֆրանչիսկոս Պապ Կաթողիկէ եկեղեցին շատ աշխատանք կը տանի, խթանելու համար անձերու միջեւ զօրակցութիւնը, այն  անձեր,  որոնք կը փափաքին գործակցիլ «համաշխարհային սնունդի ծրագիր» կոմիտէի հետ եւ որոնք կը վերահաստատեն թէ իւրաքանչիւր մարդ էակ իրաւունք ունին առողջ եւ զօրակից սննդառութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակը աւարտած է մաղթելով որ կազմակերպութեան յանձնառութիւնն ու նուիրումը, բարի կամք ունեցող անձերուն մէջ վերազարթնէ նոր աշխարհը մը կառուցելու փափաքը՝ հիմնուած եղբայրութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան վրայ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 12:39