Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ  եւ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողիմէոս Ա 

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոսին:

Կարդինալ Քոխ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոսին յանձնած է Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի գիրը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

30 նոյեմբերին, ուղղափառ Եկեղեցին կը կատարէ Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնը։ Ս. Անդրէաս նկատուած է Ուղղափառ եկեղեցիներու առաքեալը։ Ինչպէս արդէն սովորութիւն դարձած է, Սուրբ Աթոռը ամէն տարի պատուիրակութիւն մը կʼուղղարկէ Կոստանդնուպոլիս՝ ներկայ գտնուելու Անդրէաս առաքեալի տօնին նուիրուած հանդիսութիւններուն։

Ունկնդրէ լուրը

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Կարդինալ Քուրթ Քոխ՝ նախագահ Քրիստոնեաներու միութեան յառաջացումի Քահանայապետական խորհուրդին։

Շաբաթ, 30 նոյեմբերին, Սուրբ Աթոռի պատուիրակութիւնը մասնակցած է Սուրբ Պատարագի արարողութեան, Ֆանարի Սուրբ Գէորգ պատրիարքական եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագէն ետք, Կարդինալ Քոխ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողիմէոսին յանձնած է Ֆրանչիսկոս Պապի ողջոյնի գիրը։

Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ յիշեցուցած է թէ այս տարի աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային միացեալ խորհուրդը կը բոլորէ իր քառասուներորդ տարին։ Այդ խորհուրդը հաստատուած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի եւ Տիեզերական Պատրիարք Տիմիդրիոս Ա.ի կողմէ։ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատանքով կʼանդրադառնայ յիշեալ խորհուրդի աշխատանքներուն։ Ան կʼաւելցնէ, թէ «Կաթողիկէներու եւ Ուղղափառներու միջեւ ամբողջական հաղորդակցութեան վերականգնումի ձգտումը չէ սահմանափակուած աստուածաբանական երկխօսութեան մէջ, այլ կʼարելի է միութեան հասնիլ եկեղեցական կեանքի այլ ուղիներով։» Սուրբ Գրքէն մէջբերումներ կատարելով Սրբազան Հայրը կʼանդրադառնայ միութեան հաստնելու աշխատանքին եւ ճանապարհին, եւ կʼաւարտէ պատգամը նկատելով որ Կաթողիկէ եւ Ուղղափառ եկեղեցիները արդէն կʼընթանան այդ ճանապարհէն, ինչպէս կը վկայեն միասնաբար իրականացուած նախաձեռնութիւնները։ Ան կը վստահի, թէ «նաեւ տեղական համոյթին մէջ նաեւ բոլորս աւելի ծաւալուն կերպով պիտի ուժեղացնենք սիրոյ եւ կեանքի առօրեայ երկխօսութիւնը՝ հոգեւոր, հովուական, մշակութային եւ մարդասիրական միասնական ծրագիրներու միջոցաւ»։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը կʼուղարկէ իր ամենաջերմ մաղթանքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2019, 12:18