Որոնել

Գիրքին կողքը Գիրքին կողքը 

Ֆրանչիսկոս Պապ «միսիոնարներ ըլլալու համար նախ եւ առաջ հարկ է սիրահարուիլ Քրիստոսի»:

«Առանց իրեն ոչինչ կրնանք ընել, զրոյց աշխարհի մէջ միսիոնարներ ըլլալու մասին:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 5 նոյեմբերին, Վատիկանի Սուրբ Պօղոս անուան տպագրատունը  լոյս կ՝ընծայէ «Առանց իրեն ոչինչ կրնանք ընել,զրոյց աշխարհի մէջ միսիոնարներ ըլլալու մասին:»

Ունկնդրէ լուրը

Գիրքին հեղինակն է Իտալացի լրագրող Ճաննի Վոլանթէ: Գիրքը կը պարունակէ միսիոնարականութեան նուիրուած հոկտեմբեր ամսուան առթիւ, լրագրողին  ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած հարցազրոյցը:

Գիրքի հեղինակին հետ, միսիոներականութեան մասին ունեցած հարցազրոյցին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ,  որ Յիսուսն ու աւետարանը քարոզելը կ՝ենթադրէ մեր անձէն դուրս ելլելը եւ ուղեւորութեան մէջ մտնել:  Ան կ՝ընդգծէ, թէ  դուրս եկող եկեղեցի,  նորոյթ արտայայտութիւն չէ  այլ  Մարկոս Աւետարանի մէջ Յիսուսի տուած պատուէրն է, որով Յիսուս առաքեալներէն կը խնդրէ, որ  աշխարհի չորս ծագերը երթան՝ աւետարանը քարոզելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատնանշէ, թէ այն ժամանակ երբ եկեղեցին դուր չ՝ելլեր իր բնութիւնը կը կորսնցնէ եւ կը դառնայ հոգեւորական ընկերակցութիւն մը՝ կրօնաբարոյական  ձեռնակներով, պատգամներ փոխանցելու համար :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել կու տայ, որ եկեղեցւոյ գլխաւոր դերակատարը, առաքեալները չեն այլ սուրբ Հոգին է: Ան դիտել կու տայ որ գործ առաքելոցին գիրքին մէջ կը կարդանք 12 մարդոց պատմութիւնը, որուն մէջ գլխաւոր դերակատարը Սուրբ Հոգին է եւ ոչ  թէ առաքեալները: 

Ան  ապա կը շեշտէ, որ Եկեղեցին իր հրապոյրով է, որ կ՝աճի: Եկեղեցին կը ծաղկի Տիրոջ գործերու վկայութիւններու միջոցաւ, հետեւաբար կ՝ընդգծէ Սրբազան Հայրը միսիոնարներ դառնալու համար նախ եւ առաջ  հարկ է  սիրահարուիլ Քրիստոսին:  Միսիոնարականութիւնը ընկերութեան մը ծրագիր չէ եւ ոչ ալ կազմակերպուած հանդիսութիւն մը : 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը զգուշացնէ հոգիներու որսորդութեան վտանգէն, նկատելով զայն բռնարարք,  որովհետեւ  հոգիներու որսորդութիւնը  չյարգեր եւ ոչ իսկ կը հանդուրժէ ազատութիւնն ու  անշահախնդրութիւնը, որոնց միջոցաւ հաւատքը կը փոխանցուի  անհատէ անհատ՝ շնորհքի միջոցաւ:

Աւետարանը Քարոզել կը նշանակէ Քրիստոսի վկայութիւնը փոխանցել՝ առանց համոզիչ ճառեր հնարելու,  բաւարար  է խաչի գայթակղեցուցիչ ցնցող ուժը, կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Ֆրանչիսկոս Պապ հարցազրոյցին ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, ընկերային գործերու եւ միսիոնարականութեան միջեւ կապը,  կ՝ընդգծէ,  թէ Եկեղեցին կազմակերպութիւն մը չէ, ուրիշ  բան մըն է :Եկեղեցին է նաեւ դաշտային հիւանդանոց, ուր բոլորը կը հիւրընկալուին եւ կը խնամուին, այնպէս ինչպէս որ են: Եկեղեցին  կամոքէ բոլորին վէրքերը:

Նորին Սրբութիւնը կ՝անդրադառնայ նաեւ միսիոներականութեան եւ մարտիրոսութեան միջեւ կապին: Ան կը նշէ, թէ  մարտիրոսութիւնը Քրիստոսի վկայութեան եւ ճանաչումի ամէնէն վսեմ արտայայտութիւնն է:  Ապա՝ կը յիշէ 2015-ին, Լիպիոյ մէջ Ղպտի եղբայրներուն ջարդը, ինչպէս նաեւ Եմէնի մէջ 2016-ին, մայրապետներունը սպանութիւնը,  հաստատելով, թէ անոնք ամէնքը յաղթողներ են եւ ոչ թէ զոհեր: Տէրը կը յիշէ անոնց կատարած բոլոր  բարիքները:» Ըսած է ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ գիրքի հեղինակին հետ ունեցած զրոյցի աւարտին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2019, 14:00