Նոյեմբեր ամսուան համար ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը:

Համերաշխութիւն եւ երկխօսութիւն Միջին Արեւելքի մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 5 նոյեմբեր 2019-ին, Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց կազմակերպութիւնը հրապարակեց հոկտեմբեր ամսուան համար Ֆրանչիսկոս Պապի առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը:
Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանցի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի թէ նոյեմբեր ամսուան տեսերիզին մէջ

ֆրանչիսկոս Պապ կը կեդրոնանայ Միջին արեւելքի մէջ հասարակութիւններուն միջեւ խաղաղ համակեցութեան վրայ, հայցելով աշխարհի բոլոր կաթողիկէ հաւատացեալներէն աղօթել, որպէսզի հասարակութիւններու միջեւ հարազատ երկխօսութիւն հաստատուի:

Ունկնդրէ լուրը

Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է նաեւ, Ֆրանչիսկոս Պապին համար՝ քրիստոնեաներուն ինչպէս նաեւ հրեաներու եւ մահմետականներուն միջեւ խաղաղութիւնը կը հիմնուի պատմական եւ հոգեւոր կապերու վրայ:

2018 թուականին, Իտալիոյ Պարի քաղաք տուած այցելութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը ակնարկելով միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն, շեշտած է համերաշխութեան կարեւորութիւնը: Ան իր խօսքի մէջ ըսած, թէ« պատնէշներով երաշխաւորուած զինադադարներով չէ որ, ոչ իսկ ուժի զօրութեամբ է, որ խաղաղութիւն պիտի հաստատուի, այլ՝ անսալու եւ երկխօսութեան իսկական կամքով:

Նոյեմբեր ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ.

«Միջին արեւելքի մէջ միաստուածեան երեք կրօններուն միջեւ համակեցութիւնն ու երկխօսութիւնը կը հիմնուի պատմական եւ հոգեւոր կապերու վրայ:

Սիրոյ համար Յարուցեալ, Յիսուսի բարի լուրը, այս երկիրներէն հասաւ մեզի:
Այսօր՝ բազմաթիւ քրիստոնեայ հասարակութիւններ, հրեաներու եւ մահմետականներուն հետ միասնաբար, հոս՝ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ ներումին համար կը գործեն:

Աղօթենք, որպէսզի Միջին Արեւելքի մէջ, երկխօսութեան, համերաշխութեան եւ հանդիպումի հոգի մը ծնի:»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2019, 16:00