POPE-ESTONIA-POLITICS-RELIGION POPE-ESTONIA-POLITICS-RELIGION 

Ֆրանչիսկոս Պապի 28 նոյեմբերին գործունէութիւնը:

Վատիկանի Առաքելական պալատէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Էսթոնիոյ հազարապետութեան նախագահը:

Հինգշաբթի, 28 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Միջազգային աշխարհիկ հաստատութիւններուն համահաւաք դասի նախագահութեան անդամները: Ապա Ժամը 10,ին Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Էսթոնիոյ հանրապետութեան նախագահ ,տիկին Քերսթի Քալիժուլէյտն ու  անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները: Էսթոնիոյ նախագահը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերապայծառ Փոլ Կալլակերին:

Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին , յիշուած է Երկու պետութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւնները,  ինչպէս նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին 2018-ին, Էսթոնիա կատարած առաքելական այցելութիւնը,  երկրի անկախութեան հարիւր ամեակի առիթով: 

Քննարկումի նիւթ եկած է երկու կողմերը հետաքրքրող հարցեր, հայող  կրթութեան,  ընկերային արդարադատութեան եւ արարչագործութեան պահպանման: Միջազգային եւ տարածաշրջանային գետնի վրայ քննարկուած  է խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հայող նիւթեր,  յատուկէն կեդրոնանալով Ուքրանիոյ ներկայ կացութեան վրայ, ինչպէս նաեւ Եւրոպան յուզող հարցերուն: նշուած է Սուրբ Աթոռի հաղորդագրութեան մէջ:

Ժամը 10,45ին, Էսթոնիոյ հանրապետութեան նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Միացեալ Նահանգներուն եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի  (Գ մարզի) եպիսկոպոսները,  անոնց Սուրբ Պետրոսին յաջորդին տուած հնգամեայ կանոնական այցելութեան առթիւ:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2019, 13:33