Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ շրջապատուած Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի մանուկներով: Ֆրանչիսկոս Պապ շրջապատուած Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանի մանուկներով: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանի անձնակազմը:

Մանկաբուժարանին սկզբնական սերմը աճելով ու զարգանալով եւ շնորհիւ Պապին փոխանցուած նուիրատուութիւններուն, մանկաբուժարանը Հռոմի սահմաններէն անդին անցաւ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի պատկան, Հռոմի «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանին հիմնադրութեան յոբելենական 150 ամեակի առթիւ, շաբաթ, 16 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Վատիկանի մէջ ընդունեց նշեալ հիւանդանոցի, ղեկավարները ,բժիշկները, հիւանդապահ ու հիւանդապահուհիներն ու անոնց ընկերացող հարազատները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին սկիզբը Սրբազան Հայր շնորհակալութիւն յայտնեց հիւանդանոցի անձնակազմին, մատակարարութեան խորհուրդին անդամներուն, կամաւորներուն, մատրանապետներուն, բարերարներուն,յատուկէն խնդրելով, որ իր ողջոյններն ու գորովը փոխանցեն հիւանդանոցի մէջ գտնուող հիւանդ մանուկներուն ու անոնց հարազատներուն:

Նորին Սրբութիւն իր խօսքին մէջ ապա անդրադարձաւ հիւանդանոցին ծագումի պատմութեան: Ան նշեց թէ հիւանդանոցը յղացած եւ պարգեւած է ուսեալ , հաւատացեալ եւ իմաստուն մայր մը՝ Արապելլա Սալվիաթին: Հիւանդանոցը պարգեւ մըն է , վեհանձն ընտանիքի մը, որ կատարեց հսկայ զգայնութեան ժէսթ մը՝ աշխարհի բոլոր մանուկներուն ի նպաստ:

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ հիւանդանոցին սկզբնական սերմը, աճելով ու զարգանալով, Հռոմի սահմաններէն անդին անցաւ՝ շնորհիւ Պապին շնորհուած նուիրատուութիւններուն, որուն հովուական հոգածութիւնը կը հասնի հոն ուր եկեղեցին ներկայ է:

Ան նշեց թէՄանուկ Յիսուս մանկաբուժարանը, ոչ միայն Հռոմի հասարակութեան ժառանգութիւն է այլեւ իտալական եւ միջազգային ընտանիքին, ապա ակնարկեց հիւանդանոցին յոբելենական 150 ամեակի առթիւ կազմակերպուած տօնակատարութիւններուն կարգախօսին «Ապագան մանուկներուն պատմութիւնն է,  Սրբազան Հայրը քաջալերեց հիւանդանոցի անձնակազմը, աշխատելու հասարակաց հոգիով, յաղթահարելու համար բոլոր դժուարութիւնները: Քաջալերեց հիւանդանոցի բժիշկներն ու  հիւանդապահները, որ միշտ իրենց ձեռքերը օգտագործեն,  իբրեւ խնամքի միջոց հաստատելով թէ խնամքի կարողութիւնը պարգեւ մըն է ՝տրուած բժիշկներուն ու անոնց խնամակալութեան յանձնուած անձերուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ հանդիպումի ընթացքին հիւանդապահուհիի մը, Սուրիոյ մէջ մատուցած ծառայութիւններուն մասին տուած վկայութեան: Ան նշեց թէ, հիւանդապահուհիին վկայութիւնը փաստ մը է «Մանուկ Յիսուս» հիւանդանոցին մարդասիրական գործունէութիւններուն, փաստ մըն է նաեւ որ հիւանդանոցը բաց է աշխարհի առջեւ եւ պատրաստակամ կիսելու իր գիտութիւնները ու կարողութիւնները նուազ զարգացած երկիրներուն ի նպատ :

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ բժշկական ոլորտէն ներս գիտական որոնումի կարեւորութեան մասին::Ան նշեց թէ չկայ խնամք առանց որոնումի: Բժշկութեան մէջ չկայ ապագայ, առանց գիտական հետազօտութիւններու:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը, իր գոհութիւնը յայտնելով Մանուկ Յիսուս մանկաբուժարանին արձանագրած յաջողութիւններուն համար, յորդորելով հիւանդանոցի անձնակազմը յառաջ ընթանալու, հաւատարիմ գտնուելով Աւետարանին եւ հնազանդ գտնուելով տառապող մանուկներուն բարոյական իշխանութեան, որովհետեւ այն ինչ որ մանուկ եղբայներուն կ՝ընենք Յիսուսի ըրած կ՝ըլլանք:

Սրբազան Հայրը խօսքին աւարին փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնները «Մանուկ Յիսուս» մանկաբուժարանի հասարակութեան խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2019, 12:27