Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ճափոնի քաղաքական իշխանութեան անդամներուն հետ :

Ֆրանչիսկոս Պա պքաջալերեց ամէն ջանք թափել, կազմելու համար ընկերութիւն մը, որ կարող է պաշտպանել ամէն կեանք եւ գիտէ յարգել մարդկային ընտանիքի անդամներուն իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 նոյեմբերին, Ճափոնի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6,00ին, Թոքիոյի պետական «Քանթէի» անուան պալատէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Ճափոնի քաղաքական իշխանութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ճառին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց դիւանագիտական մարմնին անդամներուն, անոնց  խաղաղութեան ի սպաս տածած աշխատանքներու համար ապա անդրադարձաւ Սուրբ Աթոռի եւ Ճափոնի միջեւ բարեկամական կապերուն, նշելով որ այդ կապերը հիմնուած են անցեալին Ճափոն ժամանած առաջին միսիոնարներուն երկրին հանդէպ ունեցած հիացմունքներուն ու գնահատանքին վրայ:  Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, թէ ինք Ճափոն եկած է կաթողիկէ հաւատացեալները իրենց հաւատքի մէջ հաստատելու համար,  ինչպէս  նաեւ զանոնք քաջալերելու, բարեսիրական ու եղբայրսիրական գործերը շարունակելու կարիքաւորներուն եւ աղքատներուն ի սպաս:

Նորին Սրբութիւնը Ճափոնի դիւանագիտական մարմնի անդամներուն ուղղած խօսքին մէջ նշեց, թէ ինք իր նախորդներուն շուքին հետեւելով Աստուծմէ պիտի հայցէ եւ բարի կամք ունեցող մարդոցմէ պիտի խնդրէ, որ  շարունակեն զարգացնել բոլոր նպաստաւոր միջնորդութիւնները  որպէսզի մարդկութեան պատմութեան մէջ չկրկնուի, Հիրոշիմայի եւ Նակազաքի ադոմական ռումբերուն քայքայիչ արարքները:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դրաւ երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ նկատել տալով, որ երկխօսութիւնը մարդ էակին համար միակ արժանավայել զէնքն է, որ կարող է երաշխաւորել մշտական խաղաղութիւն::

Արդար եւ եղբայրական աշխարհ մը կառուցելու համար էական է հանդիպումի եւ երկխօսութեան մշակոյթը՝ բնորոշուած իմաստութեամբ:ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ, Ան ապա  գնահատեց Ճափոնի թանկարժէք մշակութային ժառանգութիւնը, որ տարիներուն եւ պատմութեան հոլովոյթին ի վիճակի եղաւ զարգացնել կրօնական  եւ բարոյական խորունկ արժանիքներ, նկատելով տալով, որ կրօններու միջեւ բարի յարաբերութիւնը, ոչ միայն էական է խաղաղութեան եւ ապագային համար, էական է նաեւ սերունդներ պատրաստելու, որոնք գիտեն արժէքաւորել բարոյական սկզբունքները:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ մարդկային եղբայրութեան փաստաթուղթին: Ան նշեց, թէ մարդկութեան ընտանիքի գծով մտահոգ հասարակաց մտահոգութիւնը մղիչ ուժ կը հանիդսանայ, երկխօսութեան մշակոյթը  իբրեւ միակ ուղի որդեգրելու:

Անդրադարձաւ հասարակաց տան պաշտպանութեան, նշելով որ հասարակաց տունը, ոչ միայն ենթակայ է բնական աղէտներուն, այլեւ մարդու ձեռքով գործադրուած քայքայումներուն:Ֆրանչիսկոս Պապ  անհրաժեշտ նկատեց երիտասարդներուն ներկայութիւնը,  որոնք մարտահրաւէր կը նկատուին  աշխարը նկատելու , ոչ իբրեւ շահագործելիք սեփականութիւն, այլ փոխանցելիք թանկարժէք ժառանգութիւն:

Հասարակաց տան համապարփակ պաշտպանութեան ծիրէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց մարդկային բնապահպանութեան կարեւորութիւնը: Ան  քաջալերեց  մարդկային արժանապատուութիւնը զետեղելու ընկերային,  տնտեսական, քաղաքական գործունէութիւններուն կեդրոն, զարգացնելով միջսերդնական զօրակցութիւնը,հասարակաց կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ, յատուկէն մտահոգուելով բոլոր անոնց համար, որոնք մոռցուած եւ բացառուած են:   

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Ճափոն այցելելու ստացած հրաւէրին եւ գտած հիւրընկալութեան եւ ճամբորդութեան յաջողութեան  համար : Ան քաջալերեց ամէն ջանք թափել, կազմելու համար ընկերութիւն մը, որ  կարող է պաշտպանել ամէն կեանք եւ գիտէ յարգել մարդկային ընտանիքի անդամներուն իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2019, 11:50