Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «աւետարանումի ժողովրդապետութիւններու բջիջներ» հաստատութեան անդամները:

Աւետարանումի հիմնական ուղին կը կայանայ5 Քրիստոսի հետ հանդիպումէն բխած ուրախութիւնը ուրիշներուն փոխանցելու մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 18 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «աւետարանումի ժողովրդապետութիւններու բջիջներ» կազմակերպութեան անդամները, հաստատութեան հիմնադրութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ կազմակերպութեան վերջին տասնեակ տարիներուն աւետարանումի ի սպաս տածած աշխատանքներու համար, դիտել տալով, որ չէ կարելի փախուստ տալ, Յիսուսի տուած յանձնարարութիւնէն, «ոչ թէ դուք ընտրեցիք զիս, այլ ես ընտրեցի ձեզ եւ սահմանեցի՝ որ երթաք ու պտղաբեր ըլլաք, եւ ձեր պտուղը տեւական ըլլայ. Որպէսզի ինչ որ խնդրէք հօրմէն իմ անունովս՝ տայ ձեզի: Այս է իմ պատուէրս որ զիրար սիրեն (Յովհ 15, 16) ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով, թէ Յիսուսի այս այս խոստումը նաեւ մեզի համար է:   Ան ապա հաստատեց, եթէ հաւատարիմ եւ արդուն մնանք, այն ժամանակ Տէրը, մեզի պիտի պարգեւէ, մեր աշխատանքներուն պտուղներուն ականատես դառնալու շնորհքը:

Ֆրանչիսկոս Պա անդրադարձաւ հաստատութեան պատմութեան, նշելով, թէ հաստատութեան բերրիութիւնը կը կայանայ, բջիջներու բազմապատկումի մէջ,  որոնք արդէն ներկայ են աշխարհի բազմաթիւ վայրերուն մէջ, քաջալերելով կազամկերպութեան անդամները երբեք չտքնելու՝ Յարուցեալ Տիրոջ հոգիին  հետեւելու համար:

Յոգնութեան մէջ, Սուրբ Հոգիին դիմեցէք, որ Մխիթարիչն է բոլորին: Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ,  նկատել տալով, որ ժողովրդապետութիւններէն ներս, հասարակաց կեանքը ոգեւորելու համար, ժողովրդապետութիւնները նախ եւ առաջ պէտք են դառնալ վայր մը՝ ուր կարելի է ունկնդրել Աստուծոյ խօսքը եւ նշել Յիսուսի Յարութեան եւ մահուան խորհուրդը:  

Ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ կազմակերպութեան անդամներուն դիտել տուաւ,  որ հրամայական է անձերուն հետ հանդիպումը՝  հոն ուր կը գործեն ու կ՝ապրին մարդիկ, նկատելով, տալով որ Քրիստոսի հանդիպումը չէ կարելի վերապահե լոկ մեզի:   Անհրաժետշ է Յիսուսի  հետ հանդիպումները  ու փորձառութիւնները կիսել ուրիշներու  հետ: Սա է աւետարանումի հինական ուղին է,   շեշտեց սրբազան հայր: 

Ան ապա մաղթելով որ հաստատութեան աւետարանումի առաքելութիւնը ողորմածութեան վկայութիւն դառնայ,  իր առաքելական օրհնութիւնները տուաւ ներկաներուն խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/11/2019, 12:46