Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ.«անբարոյական է ադոմական ռումբի օգտագործումն ու պահպանումը»:

Ֆրանչիսկոս Պապ դատապարտեց եւ անբարոյակապ նկատեց պատերազմի նպատակաւ ադոմական ուժանիւթի օգտագործումը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս կիրակի, 24 նոյեմբերին, ֆրանչիսկոս Պապ Նակազ աքիի մէջ նահատակներու յուշահամալիր այցելութենէն ետք, Ճափոնի ժամանակացոյցով՝ երեկոյեան ժամը 6,00ին, փոխադրուեցաւ Հիրոշիմա քաղաքի մէջ գտնուող Խաղաղութեան յուշահամալիր, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ այս առթիւ կազմակերպուած խաղաղութեան ի նպաստ հանդիպում -հաւաքին: 

Ունկնդրէ լուրը

Խաղաղութեան յուշահամալիրէն ներս, խաղաղութեան ի նպաստ արտասանած ճառին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, « հոս՝ այս յուշահամալիրէն ներս, բազմաթիւ այր մարդոց ու կիներուն  երազանքներէն եւ յոյսերէն ոչ մի բան մնաց եթէ ոչ միայն լռութիւն եւ մթութիւն: Երկվայրկեանի մը մէջ ամէն ինչ անհետացաւ մահուան եւ քայքայումի փոսին մէջ: Այդ լռութեան անդունդէն, այսօր եւս կը շարունակուի լսելի դառնալ՝ զօրաւոր ճիչը բոլոր անոնց, որոնք այլեւ ոչ եւս են:    

Նորին Սբրութիւնը ապա յարեց «Պարտք զգացի՝ հոս այս վայրը գալու իբրեւ խաղաղութեան ուխտաւոր, աղօթքի մէջ ամփոփուելու, յիշելով բռնութեան անմեղ զոհերը, սիրտիս մէջ կրելով, աղերսներն ու ձգտումները մեր ժամանակուան բազմաթիւ այդ մարդոց եւ կիներուն, յատուկէն երիտասարդներու ձգտումները, որոնք կը փափաքին խաղաղութիւն եւ կը գործեն ու կը զոհուին խաղաղութեան ի խնդիր:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ իր զօրակցութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց որոնց ձայնը անլսելի դարձած է, բոլոր անոնց, որոնք ընկճուածութեամբ ականատես կ՝ըլլան անընդունելի անարդարութեան, անհաւասարութեան արարքներուն, արարքներ, որոնք վտանգ կը  հանդիսանան մարդկային համակեցութեան, մեր հասարակաց տան եւ որոնք ադոմական ռումբերուն միջոցաւ կը կարծեն թէ պիտի երաշխաւորեն աշխարհի անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւը:

Նորին Սրբութիւնը ապա դատապարտեց պատերազմի նպատակաւ ադոմական ուժանիւթի օգտագործումն ու պահպանումը, նկատելով զայն, այսօր քան երբեք ոճիր մը, ոչ միայն մարդու ու անոր արժանապատուութեան դէմ, այլեւ մեր հասարակաց տան ապագայի որեւէ հնարաւորութեան դէմ:  

Ան անբարոյական նկատեց պատերազմի նպատակաւ ադոմական ուժանիւթի օգտագործումը,  հարց տալով, թէ ինչպէս կարելի է խաղաղութեան մասին խօսիլ,  մինչ կը կառուցենք պատերազմի նոր զէնքեր:

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, թէ խաղաղութիւնը կը կերտուի լոկ հիմնուելով ճշմարտութեան եւ արդարութեան վրայ ու  երաշխաւորելով հասարակաց բարիքը:  Ան դիտել տուաւ, որ արդար եւ ապահով ընկերութիւն մը կառուցելու համար պէտք է մեր ձեռքերէն վառ առնել զէնքերը :

Իսկական խաղաղութիւնը կարելի  է լոկ՝ զինաթափումի խաղաղութեամբ, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, թէ խաղաղութիւնը պարզապէս պատերազմի բացակայութիւնը չէ, այլ կառուցուելիք շէնք մը: Խաղաղութիւնը պտուղն է արդարութեան,  զարգացման, զօրակցութեան, հասարակաց բարիքի զարգացման,  սորվելով պատմութեան դասերէն:

Ֆրանչսկոս Պապ ապա հրամայական նկատեց, յիշել, միասին քալել եւ պաշտպանել. երեք բարոյական հրամայականներ,  իսկական խաղաղութեան ուղեւորութեան համար:

Պատգամին աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց, որ յանուն բարի կամք ունեցող այր մարդոց եւ կիներուն, յանուն ադոմական ռումբերու զոհերուն, աղերս բարձրացնել Աստուծոյ ըսելով,  այլեւս ոչ երբեք պատերազմ, ոչ երբեք ռումբերուն որոտում, եւ այլեւս ոչ երբեք տառապանք:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/11/2019, 12:05