Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը երիտասարդներուն հետ Թոքիոյի մէջ:

ֆրանչիսսոկս Պապ շեշտը դրաւ, թէ կարելի է կառուցել ապագայ մը՝ հիմնուած եղբայրութեան մշակոյթին վրայ, ուր բազմազանութիւնը հարստութիւն կը նկատուի, ընդգծելով, որ երջանկութեան ուղին կը կայանայ նուիրումի մէջ ուրիշին, կարիքաւորներուն ու Աստուծոյ նայելու մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 նոյեմբերին, Ճափոնի ժամանակացոյցով, առաւօտեան ժամը, 11,15-ին, Թոքիոյի, Սուրբ Մարիամ մայր տաճարէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ երիտասարդներուն հետ:

Տաճար ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապը դիմաւորեցին Թոքիոյի թեմի արքեպիսկոպոսն ու եկեղեցւոյ ժողովրդապետը: Ապա ֆրանչիսկոս  Պապ ուղղուելով դէպի եկեղեցւոյ աւագ խորան փունջ մը ծաղիկներ զետեղեց աւագ խորանին տապանակին դիմաց:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ երիտասարդներուն փոխանցած քաջալերանքի խօսքին մէջ ֆրանչիսսոկս Պապ շեշտը դրաւ, թէ  կարելի է կառուցել ապագայ մը՝ հիմնուած եղբայրութեան մշակոյթին վրայ,  ուր բազմազանութիւնը հարստութիւն կը նկատուի, ընդգծելով, թէ երջանկութեան ուղին կը կայանայ նուիրումի մէջ, ուրիշին, կարիքաւորներուն ու Աստուծոյ սեւեռելու մէջ:    

ֆրանչիսկոս Պապ ապա պատասխանելով կարգ մը երիտասարդներու կողմէ տրուած վկայութիւններուն՝ հայողԱստուծոյ հետ հանդիպումի, մրցակցութեամբ բնորոշուած եւ շահի վրայ հիմնուած  ընկերութեան մը ներքեւ,  նշեց, թէ բազմաթիւ մարդիկ նիւթականօրէն հարուստ են, սակայն կը տառապին մենակութեան ստրկութենէն, հոգեւոր աղքատութենէն: Ան  ապա քաջալերեց երիտասարդները  ճանչնալու այն ինչ, որ կարեւոր ու անհրաժեշտ է իրենց կեանքին մէջ ընդգծելով, որ կարեւորը ունենալը չէ այլ կիսելը,  աւեցնելով, որ  կեանքին մէջ առանց անձերուն,  տմարդկային կը դառնանք եւ կը կորսնցնենք մեր դիմագիծն ու անունը,  դառնալով առարկայ: 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  խնդրեց երիտասարդներէն վկայել,  թէ բոլորս ստեղծուած ենք՝ Աստուծոյ եւ ուրիշներու համար: Վկայել, թէ կարելի է ստեղծել ընկերային բարեկամութիւն մը:  Յուսալ աւելի լաւ ապագայ մը ՝հիմնուած հանդիպումի, բարեկամութեան, եղբայրութեան ու անձի արժանապատուութեան յարգանքին վրայ:

Երիտասարդներուն փոխանցած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտը դրաւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ: Ան նշեց,  թէ մարդու մը համար ինչքան կարեւոր է շշնչելը ՝կենդանի մնալու համար, այնքան կարեւոր է,  աղօթքով եւ խոկումով, հոգեպէս շշնչելը:

Ան խօսեցաւ ուրիշները, գաղթականները ընկալելու մասին, շեշտեց տառապանքէ խոյս տուող եւ ապաստան փնտռող անձերու հիւրընկալութեան կարեւորութիւնը: Անդրադարձաւ  դպրոցներու մէջ խտրականութեան, «Պուլիզմի» զոհ գացած աշակերտներու տառապանքներուն,  հրաւիրելով երիտասարդները հաւաքելու իրենց  ուժերը պայքարելու համար «Պուլիսմի» երեւոյթին  դէմ, դիտել տալով որ բաւարար չեն դպրոցական կրթական ծրագիրներե հակազդելու համար այդ երեւոյթին, այլ անհրաժետ է բարեկամներու,  ընկերներու միասնական պայքարը ընդէմ այդ ախտին:   

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով երիտասարդի մը տուած վկայութեան, որ մտածած էր նոյնիսկ անձնասպան ըլլալ, եւ շնորհիւ իր ժողովրդապտին փրկուած է: Ան նշեց, թէ սա առիթ է, յիշելու թէ սէրը կը փառատէ ամէն վախ, ապա հրաւիրեց մեր կեանքէն քիչ մը ժամանակ տրամադրել ուրիշներուն եւ Աստուծոյ, աղօթելով ու խոկալով:

Ֆրանչիսկոս Պապ, պատգամի աւարտին, հրաւիրեց երիտասարդները հետապնդելու իրենց երազանքներուն, իրենց հայեացքը միշտ սեւեռելով դէպի մեծ հորիզոններ, եւ դառնան կերտիչներ,  որովհետեւ Ճափոնն ու աշխարհը պէտք ունի վեհանձն, ուրախ եւ խանդավառ երիտասարդներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2019, 09:30