Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կաթողիկէ համալսարաններուն միջազգային դաշնութեան համագումարի մասնակիցները:

Կաթողիկէ համալսարանները թող դառնան վայրեր ուր, քաղաքացիական եւ մշակութային զարգացումի կապուած հարցերը հետապնդուին արհետասավարժ եւ մշտական ձեւով, միշտ ի միտի ունենալով մարդկային արժանիքները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 4 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Կաթողիկէ համալսարաններու միջազգային դաշնութեան կողմէ գումարուած  «Նոր սահմաններ համալսարաններու պատասխանատուներուն համար: Համալսարաններուն առողջապահութեան ապագան ու համակարգը» նիւթով համագումարին մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելէ ետք համագումարի մասնակիցները անդրադարձաւ գիտութիւններուն զարգացումէն, նոր արհեստավարժական յառաջդիմութիւններէն եւ ընկերութեան պահանջներէն, համալսարաններու առջեւ ներկայացուած մարտահրաւէրներուն, դիտել տալով որ այդ բոլորը կը հարցապնդեն համալսարանական հաստատութիւնները՝ պատշաճ եւ թարմացած պատասխաններ տալու :

ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տուաւ, որ տնտեսական, ընկերային մշակութային ոլորտներէն ներս զգացուած ծանր ճնշումը կը հարցապնդէ միեւնոյն համալսարաններուն կոչումը, յատուկէն դասատուները, որոնումներ կատարելու եւ ապագայ սերունդները պատրաստելու,  ոչ միայն որակաւոր մասնագէտներ, այլ հասարակաց բարիքի դերակատարներ, ինչպէս նաեւ ընկերային կեանքի պատասխանատուներ, աշխարհի եւ մարդու  հանդէպ ուղիղ տեսլականով:

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ կաթողիկէ համալսարանները դառնան վայրեր ուր, քաղաքացիական եւ մշակութային զարգացումի կապուած  հարցերը  հետապնդուին արհետասավարժ եւ մշտական ձեւով, միշտ ի միտի ունենալով մարդկային արժանիքները:

Դաստիարակչական ոլորտէն ներս ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց Աստուածաբանական գործընթացի կարեւորութիւնը, որուն մէջ  ամէն ինչ ունի իր վախճանն ու նպատակը:Հրամայական նկատեց նաեւ բարոյական ոլորտը, ոչ միայն մարդաբանական գիտութիւններու ծիրէն ներս այլ բնական, գիտական եւ արհեստավարժական գիտութիւններէն ներս:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ պատասխանատուներու կազմաւորումը իր նպատակին կը հասնի,  ոչ միայն միտքերու զարգացումով այլեւ սիրտի ու խիղճի ինչպէս նաեւ աշակերտին գիտական կարողութիւններու խթանումով:

«Իւրաքանչիւր գիտնական եւ մշակոյթին մարդ ունի  պարտականութիւն  մը,  որ է միշտ առ աւելիով ծառայել եւ այս հեռանկարով եկեղեցին  եւ իր  կողքին ընթացող կաթողիկէ մտաւորականները, իրենց  ուղեւորութեան արտայայտութիւնը կը գտնէ, Կաթողիկէ համալսարաններուն պաշտպան՝ նորահռչակ սուրբ Կարդինալ Նիւմանի խօսքին մէջ - եկեղեցին երբեք չվախնար գիտութենէն: Եկեղեցին ամէն ինչ կը բիւրեղացնէ եւ չխեղաթիւրեր մեր բնութեան մէջ գտնուող ոչ մէկ տար, այլ  կը մշակէ ամէն ինչ-»: Այս խօսքերով ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց կաթողիկէ համալսարաններու դաշնութեան անդամներուն փոխանցած պատգամը:    

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2019, 11:43