Ֆրանչիսկոս Պապ Ճափոնի եպիսկոպոսներուն հետ: Ֆրանչիսկոս Պապ Ճափոնի եպիսկոպոսներուն հետ: 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Ճափոնի եպիսկոպոսաց համաւաք դասին հետ:

Եպիսկոպոսը Աստուծոյ ժողովուրդին ընդմէջէն կանչուած անձ մըն է՝ ամէն կեանք պաշտպանելու համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 23 նոյեմբերին, Ճափոն կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ Ճափոնի եպիսկոպոսներուն հետ, Թոքիոյի մէջ պակական նուիրակի պալատէն ներս:

Ճափոնի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամներուն ուղղած իր խօսքին սկիզբը, ֆրանչիսկոս Պապ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ ըսելով «այսօր Տէրը, ինծի առիթ ընծայեց՝ ձեր մէջ գտնուելու, իբրեւ միսիոնար ուխտաւոր, հաւատքի մեծ վկաներուն շուքին ներքոյ»: Ան ապա նշեց թէ կը բոլորուի սուրբ ֆրանչիսկոս Սավերիոյին ճափոն ժամանումին 470-րդ տարեդարձը, որուն շնորհիւ ճափոնի մէջ սկիզբ առաւ քրիստոնէութեան տարածումին:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ եւ Աստուծոյ գոհութիւն յայտնեց Ճափոնի մէջ նահատակուած մարտիրոսներուն: Ան յիշեց Սուրբ Փաուլօ Միքի ու անոր ընկերները, Երանելի Ժուսթօ Թաքայամա Ուքու եւ այլ մարտիրոսները:
Յիշեց նաեւ Նաքասաքի մարզին մէջ թաքնուած քրիստոնեաները , որոնք կառչած մնացին իրենց հաւատքին, շնորհիւ մկրտութեան խորհուրդին, աղօթքի եւ քրիստոնէական վարդապետութեան : « իսկական տնային եկեղեցիներ, որոնք այս երկրին մէջ իբրեւ հայելիներ ցոլացուցին Նազարէթի ընտանիքը:Ըսաւ  Ֆրանչիսկսս Պապ ապա հաստատեց, թէ Մարտիրոսներուն վկայութիւնը եւ տիրոջ պտուղներուն համբերատար սպասումը , բնորոշեցին ճափոնի առաքելութեան ձեւը, որուն միջոցաւ եպիսկոպոսները գիտցան ընկերանալ Ճափոնի մշակոյթին:

Ան ապա ակնարկելով Ճափոնի առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսին«Պաշտպանել ամէն կեանք,» նշեց թէ Եպիսկոպոսը Աստուծոյ ժողովուրդին ընդմէջէն կանչուած անձ մըն է, կանչուած պաշտպանելու համար ամէն կեանք, որ կը նշանակէ ունենալ հայեցողական հայեացք, սիրել կարենալու համար անոնց հոգածութեան յանձնուած ժողովուրդին կեանքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ ,որ պաշտպանել ամէն կեանք եւ հռչակել աւետարանը իրար հակասող եւ բաժնուած երկու բաներ չեն: երկուքն ալ կը նշանակեն ուշադիր եւ արթուն ըլլալ, այն բոլոր բաներուն ուղղութեամբ, որոնք այս երկրին մէջ կրնան արգելք հանդիսանալ անձերուն համապարփակ զարգացման, որ յանձնուած է Յիսուսի աւետարանին լոյսին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Ճափոնի մէջ օտարականներուն նկատմամբ եպիսկոպոսներու ունեցած յատուկ գուրգուրանքիպ ու հոգածութեան: Նշեց թէ այդ օտարականներուն մեծ մասը կաթողիկէներ են եւ անոնք ոչ միայն աւետարանի վկաներն  են ճափոնի ընկերութեան ծոցին մէջ,  այլեւ փաստ եկեղեցւոյ տիեզերականութեան:

Նորին Սրբութիւն ըսաւ նաեւ որ Մարտիրոսացած եկեղեցի մը կրնայ առաւել ազատութեամբ խօսիլ, մասնաւորապէս կրնայ դիմագրաւել աշխարհի մէջ խաղաղութեան եւ ազատութեան շտապ հարցերը: Ան ապա  անդրադարձաւ Ճափոն կատարած իր առաքելական ճամբորդութեան նպատակին, նշելով որ պիտի այցելէ Նակազաքի եւ Հիրոշիմա քաղաքներ եւ հոն պիտի աղօթէ, այդ քաղաքներու մէջ ադոմական ռումբի աղէտի զոհերուն համար եւ պիտի արձականգէ հիւլէական զէնքի զինաթափումի եպիսկոպոսներու կոչերուն, դիտել տալով որ չարիքը չգիտեր խտրութիւններ կատարել եւ ոչ ալ գիտէ տեղեկութիւններ ունենալ պատկանելիութեան մասին: Չարիքը պարզապէս իր քայքայիչ ուժով ամէն ինչ կը կործանէ: Նորին Սրբութիւն յիշեց վերջերս Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած զօրաւոր մրրիկը, որ պատճառեց անթիւ զոհեր, յանձնելով մրրիկի զոհերն ու անոնց հարազատները Տիրոջ ողորմածութեան :

Ան ապա քաջալերեց եպիսկոպոսները, որ ամէն ջանք թափեն, որպէսզի Ճափոնի մէջ կաթողիկէ հասարակութիւնը աւետարանի յստակ վկաները դառնան, համայն ընկերութեան մէջ: Խնդրեց եպիսկոպոսներէն, որ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերեն կարիքաւորներուն հանդէպ, խնդրեց նաեւ , որ եպիսկոպոսներ գործեն իրականացնելու համար եղբայրասէր անշահախնդիր մշակոյթ մը, ուր ամէն մարդ կարելիութիւն ունենայ երջանիկ ապրելու:

Քաջալերեց նաեւ եպիսկոպոսները զարգացնելու եւ աճեցնելու առաքելութիւն մը, որ կարող է ներգրաւել ընտանիքներն ու խթանել կրթութիւն մը որ ի վիճակի է հասնիլ բոլոր անձերուն հոն ու որ կը գտնուին, ընդգծելով որ իւրաքանչիւր առաքելութեան մեկնակէտը կը ծնի այն վայրէն ուր անձերը կը գտնուին իրենց սովորութիւններով :

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով եպիսկոպոսներուն ունեցած սոյն հանդիպումին համար: Ան ապա իր առաքելական օր հնութինը փոխանցեց եպիսկոպոսներու ու անոնց միջոցաւ իրենց բոլոր հասարակութիւններուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/11/2019, 12:10