Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Սոֆիա» համալսարանի ղեկավարներն ու դասատուները:

Առանց դուր գալու չէ կարելի հանդիպիլ եղբայներուն եւ քոյրերուն տառապանքներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 14 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սոֆիա համալսարանի ղեկավարներն ու դասատուները:

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի կատարած աշխատանքներու համար քաջալերելով զանոնք  որ ուրախութեամբ  շարունակեն իրենց ուղեւորութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերուն վրայ. իմաստութիւն, դաշնագիր եւ ելք:

Իմաստութիւն, Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ Սոֆիա  համալսարանի նպատակն է նախ եւ առաջ հաղորդել եւ սորվիլ իմաստութիւնը, որպէսզի բոլոր գիտութիւնները իմաստութեամբ բեղմնաւորեն: Իմաստութիւնը Աստուծոյ դիմագիծին ճրագն է, որ կը լուսաւորէ մարդու դիմագիծը, մարդու խորհուրդն ու  տառապանքները: Մեզի քրիստոնեաներուս համար իմաստութիւնը  Խաչեալ եւ Յարուցեալ Յիսուսն է, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելեցնելով, որ ասոր համար բոլորս կանչուած ենք միասնաբար ընթանալու՝ կառուցելու համար իսկական եւ ու համերաշխ հանդիպումի մշակոյթ:

Դաշնագիր: Դաշնագիրը բանալին է արարչագործութեան եւ պատմութեան, ինչպէս մեզի կ՝ուսուցանէ Աստուծոյ խօսքը: Դաշնագիր Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ, դաշնագիր սերունդներուն միջեւ, ժողովուրդներու, մշակոյթներուն ինչպէս նաեւ դասատուներուն եւ աշակերտներու միջեւ: Ամէն ինչ ստեղծուած է Աստուծոյ կենդանի իքոնը դառնալու համար, որ Սիրոյ Երրորդութիւնն է ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ:

Ելք: Առանց դուրս ելլելու կարելիէ չէ հանդիպիլ իմաստութեան,  առանց դուրս ելլելու կարելի չէ բոլորին փոխանցել դաշնագիրը: Լոկ՝ դուրս ելլելով կը հանդիպինք եղբայրներուն եւ քոյրերուն շօշափելի դիմագիծերուն ու անոնց ներշնչումներուն: Ըսաւ Սրբազան Հայր : Ան ապա ճառը աւարտեց հայցելով Տիրամօր հովանին եւ բոլորին փոխանցեց իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2019, 11:53