Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց բանտային հովուական ծառայութեան պատասխանատուները:

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց բանտերէն ներս մարդկային համապարփակ զարգացման կարեւորութիւնը, բանտարկեալները ընկերութեան մէջ ներգրաւելու գործընթացին հրամայականը, ջամբելով անոնց քրիստոնէավայել կրթութիւն եւ երաշխաւորելով արժանավայել աշխատանք:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 8 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց  բանտային  հովուական ծառայութեան պատասխանատուներուն միջազգային համագումարի մասնակիցները, որոնց ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  անդրադարձաւ բանտերու  մէջ գտնուող բազմաթիւ եղբայրներուն եւ քոյրերուն ապրած  դժուարութիւններուն,  հաստատելով, որ եկեղեցւոյ պարտականութիւնն է յարատեւօրէն գործել Աստուծոյ Ողորմածութիւնը ցուցաբերելու՝  խոցելիներուն եւ անպաշտպաններուն, որոնց մէջ ինքնին ներկայ է Յիսուսը:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը  շեշտեց բանտերէն ներս  մարդկային համապարփակ զարգացման կարեւորութիւնը, բանտարկեալները  ընկերութեան մէջ ներգրաւելու գործընթացին հրամայականը, ջամբելով անոնց քրիստոնէավայել կրթութիւն եւ երաշխաւորելով արժանավայել աշխատանք:

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ,  որ բանտարկեալները յաճախ երբ բանտէն  դուրս կու գան, դէմ յանդիման կը գտնուին անթիւ  դժուարութիւններուն.  անոնք դժուարութիւններ կը գտնեն աշխատանք գտնելու համար եւ մարդոց վստահութիւնը կորսնցուցած կ՝ըլլան:

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց, որ իւրաքանչիւր եկեղեցական հասարակութիւն պէտք է  ձեռնարկել ուղեւորութիւն մը, հօր Աստուծոյ ողորմածութիւնը ցուցաբերելու համար այդ եղբայրներուն: Ան Խրախուսեց նաեւ,  որ իւրաքանչիւր անհատ, ընկերութիւն հաստատ եւ վճռական կերպով գործէ արդարութեան եւ խաղաղութեան ի նպաստ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա վստահեցուց, թէ ինք կ՝աղօթէ իւրաքանչիւր անձի համար, որոնք լռութեան մէջ կը ծառայեն այդ եղբայրներուն,  անոնց մէջ ճանչնալով Տէրը:

Նորին Սրբութիւնը խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց այն բոլոր հովուական ձեռնակներուն համար՝ ի սպաս բանտարկեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն, քաջալերելով բանտային հովուական ծառայութեան  պատասխանատուները,  որ իրենց ծառայութեան մէջ միշտ Հաւատարիմ մնան Յիսուս Քրիստոսի: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2019, 13:53