Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Յիսուսեան միաբանութեան գումարած միջազգային համագումարի մասնակիցներուն

Աշխարհը կարիքը ունի «մշակութային յեղափոխութեան» մը, հանրային երխօսութեան միջոցաւ ,կառոյցներուն մէջ դանդաղ փոփոխութիւններ կատարումով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 7 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «ընկերային եւ բնապահպանութեան արդարութեան ի խնդիր» խորագիրով Յիսուսեան միաբանութեան միջազգային համագումարի մասնակիցները:

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին սկիզբը սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Յիսուսեան միաբանութեան գլխաւոր առաքելութեան՝ աղքատներուն ծառայութիւնը, որմէ ետք Յիսուսեանները սկսան զբաղիլ հաւատքի պաշտպանութեամբ, կեանքի եւ Քրիստոնէական վարդապետութեան մէջ  հոգիներուն զարգացմամբ, օգնութեան հասնելով կարիքաւորներուն, բանտարկեալներուն եւ հիւանդներուն ըսաւ Նորին Սրբութիւն, ան ապա խօսելով մնացորդաց մշակոյթին մասին,   նկատել տուաւ, որ Յիսուսեանները աղքատներուն մէջ բացայայտեցին, Քրիստոսի հետ հանդիպելու առանձնաշնորհեալ վայրը, որ թանկարժէք պարգեւ մըն Քրիստոսի  հետեւորդի մը համար:

Սրբազան Պապ քաջալերեց Յիսուսեանները, որ անոնք չդադրին խոցելիներուն մատուցած  իրենց ծառայութիւնները, դիտել տալով որ «մեր այսօրուան բեկանուած եւ բաժանուած աշխարհը պէտքը ունի կամուրջներ կառուցելու, որպէսզին մարդկային հանդիպումը,  թոյլ տալ իւրաքանչիւրին, վերջիններուն մէջ տեսնել եղբօր մը դիմագիծը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ աշխարհը յուզող շատ մը հարցերուն, պատերազմներ քանդում, ոճրագործութիւններ, մարդավաճառութիւն, երկիրներուն միջեւ անհաւասարութիւն ինչպէս նաեւ կենսոլորտի կապուած հարցեր, որոնց ամէնէն շատ թիրախ են աղքատները:

Ան ապա շեշտեց «մշակութային յեղափոխութեան» մը հրամայականը, կառոյցներուն  մէջ դանդաղ փոփոխութիւններ կատարելով, հանրային

երկխօսութեան միջոցաւ ուր որոշումներ կ՝առնուին, որոշումներ որոնք կը պայմանաւորեն վերջիններուն կեանքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց Յիսուսեանները շարունակելու իրենց նախնիներուն սկսած աշխատանքը.  աղքատներուն ի սպաս ծառայութիւնները, դաստիարակչական գործերը, մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան կապուած  եւ այլ բարեսիրական գործերը

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց Յիսուսեանները,  որ միշտ խոկան խաչի խորհուրդին մասին, կեանքը մինչեւ վերջին ծայր նուիրել կարողանալու համար:

Վերջապէս Սրբազան Հայրը նշեց, թէ աշխարհը կարիք ունի փոփոխութիւններու,  որ կը պաշտպանեն  ամենէն  շատ տկարներուն կեանքը:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց յորդորելով Յիսուսեան միաբանութեան անդամները  Քրիստոսի հետ յարաբերութիւնը ամէն օր մշակել եւ դառնան յոյսի մշակներ եւ սիրոյ գործաւորներ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2019, 13:22